ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Վերջապէս Շուշիին կարգը եկաւ: Ուրախ ենք, որ ի վերջոյ եկաւ ռազմավարական, պատմական, ազգային ու մշակութային բազում նկատառումներով կարեւոր այս քաղաքի վերականգնումը խօսքի մակարդակէն գործի անցնելու պահը:
Ողջունելի է «Հայաստան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի այս որոշումը եւ կը յուսանք, որ ան արժանանայ մեր ժողովուրդի լայն զանգուածներու նեցուկին:
Տնտեսական ճգնաժամի պայմաններու տակ Շուշին կրնայ ըլլալ այն հազուագիւտ շարժիչ ուժերէն, որ կարողութիւնը ունի մեր ժողովուրդը մղել յաւելեալ զոհաբերութեան:
Թելեթոնի կազմակերպման գործին մէջ ալ ակներեւ է քարոզչական մարտավարութեան որոշ փոփոխութիւններ, որոնցմէ ամէնէն ուշագրաւը ռուսահայ գործարարներու հաւանական մեծագումար նուիրատուութիւններու յայտարարութեան պահի ճշդումն է:
Անցեալ տարի, թելեթոնի նախօրէին յայտարարուած ռուսահայ գործարարներու միլիոնաւոր տոլարներու նուիրատուութեան խոոստումները կարծես փոխանակ խանդավառելու մնացեալ սփիւռքը, թելեթոնի հանդէպ ուշադրութիւնը նուազեցնելու ազդեցութիւն ունեցաւ: Եթէ արդէն ապահովուած են մեծ գումարներ, ալ ինչ նշանակութիւն պիտի ունենան համեմատաբար փոքր նուիրատուութիւնները: Այսպէս մտածեցին շատեր, դժբախտաբար:
Անշուշտ բոլորիս ակնկալութիւնն է, որ մեծագումար նուիրատուութիւնները աւելի խանդավառեն մեր ժողովուրդի զաւակները՝ զանոնք մղելով իրենց կարողութեան համեմատ, բայց անպայման մասնակցութիւն բերելու այնպիսի ազգային ծրագրի մը, ինչպիսին է Շուշիի ուշացած վերականգնումը:
Մոսկուայի մէջ, անցեալ Կիրակի օր, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան՝, դիմելով ռուսահայ գործարարներուն, շեշտած է Շուշիի վերականգնման գործի կարեւորութիւնը, այդ գործի յաջողութիւնը նկատելով արժանապատուութեան հարց:
«Շուշիի զարգացումը արժանապատուութեան խնդիր է: Նրա շէնացումը ցոյց կը տայ աշխարհին մեր միասնականութիւնը եւ միակամութիւնը՝ ազգային արժէքների պաշտպանութեան, անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան շարունակական զարգացման ու զօրացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման գործում: Վստահ եմ, որ միասին մեզ կը յաջողուի արդիւնաւէտօրէն լուծել նաեւ այս խնդիրը եւ արձանագրել մեր ընդհանուր հերթական յաղթանակը», յայտարարած է նախագահ Սահակեան Մոսկուայի մէջ:
Այսպէս է, մեր արժանապատուութեան պէտք է դպնայ Շուշին աւերակ մնացած ըլլալու փաստը:
Անհամբերութեամբ պիտի սպասենք Թելեթոնի օրուան, տեսնելու համար թէ յանուն մեր ազգային արժանապատուութեան, յանուն մեր Շուշիին, որքան պիտի նուիրաբերենք՝ Մոսկուայէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Միջին Արեւելք ու Ամերիկա, մինչեւ աշխարհի հեռաւոր ծայրամասերը: