Սթիւտիօ Սիթի.- Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2009ին, «Սի.Պի.Էս. Սթիւտիոզ»ի մէջ տեղի ունեցաւ «Ֆերահեան» Ազգային Վարժարանի հիմնադրութեան 45ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը։ Ներկայ էին աւելի քան 350 հանդիսականներ, որոնց շարքին՝ շրջանաւարտներ, ծնողներ, բարեկամներ, ինչպէս նաեւ այժմու եւ նախկին ուսուցիչներ։ Բոլորն ալ եկած էին իրենց զօրակցութիւնն ու գնահատանքը յայտնելու Քալիֆորնիոյ առաջին հայկական ամէնօրեայ վարժարանին եւ անոր իրականացման դերակատարներուն։
Ընկերային ժամը սկսաւ երեկոյեան ժամը 7ին եւ, տիրող հաճելի մթնոլորտէն քաջալերուած, երկարաձգուեցաւ նախապէս ճշդուած ժամկէտէն անդին։ Ընկերային ժամի ընթացքին, ներկաները առիթը ունեցան դիտելու եւ մասնակցութիւն բերելու «լուռ աճուրդ»ին, ուր ցուցադրուած էին արուեստի գործեր եւ այլ հաճելի առարկաներ, որոնց եկամուտը պիտի յատկացուէր դպրոցին։
Յայտագրի պաշտօնական բաժինը սկսաւ 45ամեակի յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Լարա Գազանճեանի բացման խօսքով, որ ներկաները ողջունելէ ետք, հրաւիրեց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Հովիւը՝ Տէր Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանը, որպէսզի իր խօսքը ներկայացնէ։ Տէր Հայրը նախ եւ առաջ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի անունով շնորհաւորեց վարժարանին 45ամեակը, եւ գնահատեց անոր առաքելութիւնը՝ «ազգային եւ հայրենասիրական ոգիով սերունդներ դաստիարակելու իր երթին մէջ»։ Տէր հայրը նաեւ մատնանշեց, որ դպրոցի հանդիսութիւնը կը զուգադիպէր Հոկտեմբեր ամսուն, երբ հայութիւնը կը յիշատակէ Թարգմանչաց տօնը եւ կ՛ապրի Հայ Մշակոյթի ամիսը. հետեւաբար այս տօնակատարութիւնը կրկնակի տօնախմբութիւն է։ Ապա Տէր Հայրը յիշեց, որ Մեսրոպ Մաշտոց նաեւ եղած է առաջին ուսուցիչը, հետեւաբար Հայ Եկեղեցին նաեւ Թարգմանչաց Տօնին կը տօնախմբէ Ուսուցիչներու Օրը։ Ուստի ան շնորհաւորեց նաեւ «Ֆերահեան» վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, որոնք իրենց առաւելագոյնը կու տան, լաւ գիտակցելով իրենց վստահուած պարտականութեան, որ միայն գիտութիւն ջամբել չէ, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութիւն եւ ազգային գիտակցութիւն փոխանցել։
Տէր Հօր խօսքէն ետք, Լարա Գազանճեան յիշեց, որ այս երեկոն յատկանշական է, որովհետեւ ներկաներուն շարքին են դպրոցի առաջին՝ 1969ի շրջանաւարդները, ինչպէս նաեւ, անոնց կողքին, 1979 եւ 1989 տարեշրջաններու շրջանաւարտներ, որոնք այս առիթը օգտագործելով կը տօնէին իրենց 30ամեակն ու 20ամեակը։ Ապա ան բեմ հրաւիրեց դպրոցի շրջանաւարտներէն իրաւաբան Կարօ Մարտիրոսեանը, որպէսզի ստանձնէ օրուան հանդիսավարութիւնը։
Մարտիրոսեան, ըլլալով դպրոցի տասնամեակի շրջանաւարտներէն, տեսած եւ ապրած է դպրոցի առաջին տարիները։ Ան հիացմունք յայտնեց, թէ Գաբրիէլ Ինճէճիկեան տեսիլքն ու մտայղացումը, քաջութիւնն ու կորովը ունեցած էր քառասունհինգ տարիներ առաջ այս ափերուն վրայ հիմնելու հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը, եւ ինք, իբրեւ ականատես, վկայեց թէ ան ինչպիսի՛ զոհողութիւններով եւ աշխատանքով գուրգուրացած եւ պահած է զայն։ Իբրեւ հանրային վարժարանէ փոխանցուած աշակերտ, նաեւ ան նշեց, որ ուսումի սէրն ու գիտակցութիւնը ան ստացած էր «Ֆերահեան» վարժարանի ուսուցչական կազմէն, եւ իր գրասենեակին մէջ, մինչեւ այսօր, համալսարաններու վկայականներու կողքին, հպարտութեամբ կախած է «Ֆերահեան»ի վկայականը։ Հանդիսավարը նաեւ ցուցադրեց կարճ տեսաներիզ մը, զոր ինք նկարահանած էր 8 mm-ով, իր աշակերտական օրերուն։ Այդ տեսաներիզը կը նկատուի դպրոցի գանձերէն մէկը։
Մարտիրոսեան ապա բեմ հրաւիրեց դպրոցի Ուսումնական Մարմինի ատենապետ՝ Թորոս Քէչէճեանը, որ ողջոյնի խօսք ուղղեց ձեռնարկին պատուոյ հիւրերուն՝ Շրջանի հովիւ Տէր Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեանին, Ազգային Երեսփոխան Խաչիկ Երէցեանին, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի անդամներ՝ Սօսի Յովսէփեանին եւ Շարլոթ Սասունեանին, այժմու տնօրէն Ժան Գոսաքեանին, հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանին, Մանկամսուրի վարիչ Վեհիկ Գաբրիէլեանին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետին, եւ Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» Կոմիտէներու ներկայացուցիչներուն։ Քէչէճեան յիշելէ ետք որ «Ֆերահեան» վարժարանը հանդիսացած է ամերիկահայ ամէնօրեայ վարժարաններու առաջին ջահակիրը, աւելցուց, որ անիկա մինչեւ այսօր այս գաղութին տուած է հայեցի դաստիարակութեամբ հասակ նետած սերունդներ, տիպար հայեր ու ամերիկացի քաղաքացիներ։ Քէչէճեան նաեւ նշեց, թէ «Ֆերահեան» վարժարանի հետագայ տնօրէններն ու ուսուցչական կազմը աւելիով կատարելագործած են իրենց նախորդներուն տեսլականը։ Վերջապէս, Պրն. ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, նախկին շրջանաւարտներուն եւ բարեկամներուն, որոնց զոհողութեան եւ զօրակցութեան շնորհիւ է որ դպրոցը յաղթահարած է իր տնտեսական դժուարութիւնները, մանաւանդ տնտեսական այս դժուար օրերուն։
Այնուհետեւ, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց դպրոցի ներկայ տնօրէն Ժան Գոսաքեանը, որ նշեց, թէ 2009-2010 ուսումնական տարեշրջանը իր տնօրէնութեան 9րդ տարին է, եւ ինք հպարտ եւ ուրախ է որ ստանձնած է այս դպրոցի տնօրէնութիւնը, որովհետեւ շրջապատուած է լաւ անձնակազմով մը, որ թիկունք կը կանգնի իրեն։ Գոսաքեան անդրադարձաւ դպրոցի աշակերտութեան թիւին, որ այսօր հասած է 680ի։ Թէեւ այդ թիւը նուազում մը արձանագրած է վերջին երկու տարիներուն, տնտեսական կացութեան պատճառաւ, սակայն ինք համոզուած է, որ այդ թիւը դարձեալ յաւելում պիտի արձանագրէ յաջորդ տարիներուն, մասնաւորաբար «Ֆերահեան»ի աշակերտներուն ձեռք ձգած յաջողութիւններուն շնորհիւ։ Տնօրէնը վկայեց, թէ նախորդ տարին, դպրոցի շրջանաւարտներուն 75%ը ընդունուած էին 4 տարուան շրջանով համալսարաններ, ինչպէս նաեւ դպրոցը բաւական լաւ արդիւնք ձեռք ձգած էր ASATի եւ Nationalի մակարդակի քննութիւններուն. այս բոլորը կու գան փաստելու, թէ դպրոցի մակարդակը բաւական բարձր է, եւ այդ պատճառով ալ բազմաթիւ ծնողներ կը հետաքրքրուին դպրոցով եւ կը փափաքին իրենց զաւակները ուղարկել հոն։ Վերջապէս Պրն. տնօրէնը յիշեցուց ներկաներուն, թէ իր դուռները միշտ բաց եղած են եւ պիտի մնան բոլոր անոնց առջեւ, որոնք կը փափաքին այցելել իրեն։
Տնօրէնի խօսքէն ետք, օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց դպրոցի հիմնադիր տնօրէն՝ Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, որ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ դպրոցի հիմնադրութեան առաջին տարիներուն, մանաւանդ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Յիշեց դէպքեր, ուր գաղութի ականաւոր դէմքեր մերժած էին իրենց նիւթական աջակցութիւնը բերել դպրոցին, պատճառաբանելով, որ անոր գոյութիւնը երկար պիտի չըլլար եւ անիկա իր դուռները պիտի փակէր կարճ ժամանակ մը ետք։ Սակայն այսօր, 45 տարիներ ետք, 12 աշակերտով սկսած դպրոցը կը հաշուէ 680 աշակերտ, եւ տուած է 1820 շրջանաւարտ։ Ինճէճիկեան պատմեց թէ յաճախ իր թոռնիկները կը բերէ դպրոց, ուր ուրախութեամբ կը հանդիպի իր նախկին աշակերտներուն, որոնք իրենց զաւակները կը բերեն «Ֆերահեան». թերահաւատներուն գուշակութիւնը պարտուած է… Վերջապէս, ան շեշտեց, որ ինք տակաւին կը հաւատայ այն սկզբունքին, թէ «առանց հայ դպրոցի՝ չկայ հայութիւն եւ Հայաստան»։
Ինճէճիկեանի խօսքով վերջ գտաւ յայտագրի պաշտօնական բաժինը։ Ընթրիքէն ետք տեղի ունեցաւ խրախճանք, որուն ընթացքին օրուան հանդիսավարը մէջ ընդ մէջ յայտարարեց սրտաբուխ նուիրատուութիւններ։
Յայտնենք, որ 45ամեակի յանձնախումբը պիտի հրատարակէ գրքոյկ մը, որուն մէջ, պատմական էջերու եւ յուշանկարներու կողքին, պիտի հրատարակուին հովանաւորուած էջեր, ուր փափաքողները կրնան իրենց յիշատակի նկարները տպել։ (Հետաքրքրուողներէն կը խնդրուի կապ պահել յանձնախումբի անդմաներուն կամ վարժարանի գրասենեակին հետ, հեռաձայնելով 818-784-6228 թիւին)։