ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6ին, Հայ իրաւաբաններու միութեան (Armenbar) եւ սպանախօս աշխատաաւորներու իրաւանց պաշտպան «Լաթինօ քոմփ» կազմակերպութեան համատեղ ջանքերով, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող Մարմնամարզանքի ակումբին սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւորներ Մարվին Պէքսթըրի եւ Քարլոս Մորենոյի: Ներկայ էին աւելի քան 70 իրաւաբաններ եւ համայնքային ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկին հանդիսավարներն էին Էտվին Մինասեան, Սարօ Քէրքոնեան եւ Էտ Օրթեկա: Սարօ Քէրքոնեան ներկայացուց դատաւոր Մորենոն, իսկ Էտ Օրթեկան՝ դատաւոր Պէքսթըրը:
Երկու դատաւորներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին զիրենք պատուած երկու կազմկերպութիւններուն եւ տեղեկութիւններ փոխանցեցին, յատկապէս աշխատաւորներու իրաւունքներուն մասին:
Պէքսթըր Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակուած է 1991ին: Ան նախապէս աշխատած է Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի կառավարութեան մէջ եւ եղած է Քալիֆորնիոյ վճռաբեկ ատեանի դատաւոր: Ան պատուոյ անդամ մըն է Հայ իրաւաբաններու միութեան, իրողութիւն մը, որ իրեն «հպարտութեան կը պատճառէ»:
Մորենօ Քալիֆորնիոյ գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակուած է 2001ին եւ նախապէս դատաււոր եղած է Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի, ինչպէս նաեւ դաշնակցային ատեաններու համակարգէն ներս: Ան նախապէս եղած է Մեքսիքացի ամերիկացիներու իրաւաբանական միութեան նախագահ: