ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հոկտեմբեր 22ին, Պաքուի Ղարաբաղի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը կատարած է բողոքի ցոյց մը՝ Հայաստանի պատուիրակութեան Ատրպէյճան մեկնելուն կապակցութեամբ։ ՂԱԿի ցոյցը թէեւ կասեցուած է ոստիկանութեան կողմէ, սակայն անոնք յաջողած են իրենց յայտարարութիւնները ընել։
«Մենք կոչ կ՛ընենք Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն չհետեւիլ միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջներուն: Այն պետութեան պատուիրակութիւնը, որ խախտելով միջազգային կազմակերպութիւններուն պահանջները, գրաւած է ատրպէյճանական տարածքները՝ պէտք չէ այցելէ Ատրպէյճան, իսկ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները պէտք չէ այցելեն այդ երկիրը», յայտարարած է ՂԱԿի նախագահ Ակիֆ Նաղի՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա, ստորագրելով հայ-թրքական արձանագրութիւնները, կը հարուածէ Ատրպէյճանի շահերը: ՂԱԿը Թուրքիոյ նախագահը, վարչապետն ու ԱԳ նախարարը բնորոշած է որպէս «անցանկալի անձեր» եւ աւելցուցած, որ նոյնիսկ անո՛նց այցելութիւնը Ատրպէյճան՝ լուրջ բողոք կրնայ առաջացնել:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 22ին Պաքուի մէջ սկսած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու 21րդ նիստը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Արման Կիրակոսեանի:
Վերջինս, նոյն օրը Պաքուի մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն բնականոնացման եւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացները «լրիւ տարբեր գործընթացներ են»։
«Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները երկու ինքնիշխան պետութիւնների միջեւ յարաբերութիւններ են, եւ իրաւական առումով դրանք որեւէ առնչութիւն չունեն Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ բանակցային գործընթացի հետ», յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարը, եւ պատասխանելով ատրպէյճանցի լրագրողի՝ Հայաստանի կողմէ «ատրպէյճանական տարածքներու գրաւման» մասին ուղղած հարցումին՝ նշած է որ հարցադրումը ճիշդ չէ դրուած. «Ստեղծուած իրավիճակը պատերազմի արդիւնք է, այլ ոչ թէ օկուպացման», հաստատած է ան:
Կիրակոսեան Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտարարած է նաեւ, թէ Հայաստանի մէջ ալ սկսած է հայ-թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանի քննարկման ներկայացնելու գործընթացը: Ըստ Կիրակոսեանի, եթէ արձանագրութիւնները վաւերացուին, սահմանը կը բացուի երկու ամիսէն: