ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Հետք».- Հոկտեմբեր 21ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու խորհրդարանական իր ելոյթին մէջ անդրադարձած է ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման թեմային եւ որպէս նորութիւն յայտնած՝ թէ անցեալ ամիս՝ ռազմական խումբ մը Լաչին մեկնելով ուսումնասիրած է Լաչինը, եւ քննարկած՝ թէ հարցի լուծման ժամանակ միջազգային իրաւունքով ի՛նչ ծաւալ պիտի ունենայ Լաչինի միջանցքը: «Ասիկա, ինչպէս կը նշեն մեր ատրպէյճանցի եղբայրները, շատ կարեւոր քայլ է, որ կը տանի դէպի հարցի լուծում»,- ըսած է Տաւութօղլուն:
Անդրադառնալով վերջինիս արտայայտութեան, ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Տիգրան Բալայեան յայտնած է, թէ որեւէ խումբ՝ հետազօտութիւն կատարելու նպատակով Լաչինի միջանցք չէ այցելած։ Բալայեանին խօսքերը հաստատած եւ Տաւութօղլուի սուտ տարաձայնութիւնները հերքած են նաեւ ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ՝ Դաւիթ Բաբայեանը եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանը։ Վերջինս շեշտած է, որ իրենք այդպիսի խումբի չեն հանդիպած եւ որեւէ տեղեկութիւն չունին այդ մասին։