ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20ին յայտարարեցին, թէ անցեալ Կիրակ օր տեղի ունեցած երկրին զինուորական ոյժերուն դէմ կատարուած անձնասպանական յարձակումին մեղսակցութեամբ ձերբակալուած են երեք քաղաքացիներ:
«Ֆարս» գործակալութիւնը հաղորդած է, թէ իշխանութիւնները որոշած են «ապահովական նկատառումներով» կասկածելիներուն անունները չհրապարակել, սակայն շեշտած է թէ անոնք իրանցիներ են: Այն անձը, որ ընկերացած էր մահապարտ ահաբեկչին, ցարդ ձերբակալուած չէ, յայտնած է պաշտօնատար մը:
Յայտնենք, թէ Երեքշաբթի օր տեղի ունեցաւ յարձակման 42 զոհերուն մեծ մասին թաղումը, որոնցմէ 15ը Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ էին:
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Երկուշաբթի օր դատապարտեց ահաբեկչական այս արարքը, որ 1980-1988ի Իրան-Իրաք պատերազմէն ի վեր Իրանի մէջ տեղի ունեցած ամենէն մահացու յարձակումն էր: