ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ըստ Հայաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Սամուէլ Ֆարմանեանի, Ազգային ժողովին կողմէ հայ– թրքական արձանագրութիւններու վաւերացումէն առաջ, անոնք պիտի քննարկուին Հայաստանի սահմանադրական դատարանին մէջ, ուր պիտի վճռուի անոնց համապատասխանութիւնը Հայաստանի սահմանադրութեան հետ:
Ֆարմանեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, նախ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ պիտի նախաձեռնուի ստորագրուած փաստաթուղթերու միջգերատեսչական ընթացակարգ, որմէ ետք ԱԳՆ փաստաթուղթերը պիտի ուղարկէ Հայաստանի նախագահին: «Երկրի ղեկավարը ստորագրուած արձանագրութիւններն ուղարկում է Սահմանադրական դատարան, քննարկելու դրանցում ամրագրուած պարտաւորութիւնների՝ ՀՀ Սահմանադրութեանը համապատասխանութեան հարցը, եւ ՍԴն քննարկելուց յետոյ որոշում է կայացնում արձանագրութիւններում ամրագրուած պարտաւորութիւնների՝ ՀՀ Սահմանադրութեանը համապատասխանութեան հարցի վերաբերեալ»,
ըսած է Ֆարմանեան եւ աւելցուցած, որ անկէ ետք ՍԴ իր որոշումը պիտի ուղարկէ նախագահին որ, համապատասխանութեան մասին որոշում կայանալու պարագային, զանոնք պիտի ուղարկէ Ազգային ժողովի քննարկման եւ վաւերացման։ ԱԺի վաւերացումէն ետք ԱԳՆ պիտի կազմէ անոնց վերաբերեալ վաւերագիր եւ ներկայացնէ Նախագահի ստորագրման: Վաւերագիրը պէտք է ամրագրուի Հայաստանի Հանրապետութեան կնիքով եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի ստորագրութեամբ: «Աւարտական փուլում տեղի է ունենում վաւերագրերի փոխանակում, որից յետոյ դրանք մտնում են ոյժի մէջ,» մանրամասնած է Սամուէլ Ֆարմանեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.