ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետը, անցեալ Ուրբաթ օր հանգամանալի հարցազրոյց մը ունեցած էր հեռատեսիլի տարբեր կայաններու լրագրողներու հետ:
Սոյն հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուած հարցերու հիմնական մասը կը վերաբերէր հայ-թրքական յարաբերութիւններուն՝ երկողմանի արձանագրութեանց ստորագրման առիթով:
Այս հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետը հետեւեալ բանաձեւումով կը ներկայացնէ կառավարութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներէն մէկը.
«Մենք 21րդ դարում պարտաւոր ենք մտածել նաեւ՝ քաղաքական հարթութեան մէջ, որովհետեւ մենք ունենք անկախ պետութիւն, մենք ունենք պարտաւորութիւններ մեր 3 միլիոն բնակչութեան առջեւ եւ մենք պարտաւոր ենք այնպիսի խելամիտ քաղաքականութիւն վարել, որը կը բերի մեր պետութեան ուժեղացմանն ու մեր քաղաքացիների բարեկեցիկ կեանքի ապահովմանը: Այդ հարթութեան մէջ մենք նոյնպէս ունենք պրոբլեմներ: Պրոբլեմը կայանում է հետեւեալում. քաղաքական դաշտում, օրակարգում համար մէկ խնդիրը մեզ համար դառնալու է մեր յարաբերութիւնների կարգաւորումը մեր հարեւանների հետ՝ Ադրբեջանի, Թուրքիայի: Հետեւապէս շուկայական տնտեսութեան ստեղծման հարցում խոչընդոտների առկայութիւնը պէտք է վերացուի: Նման պարտաւորութիւններ ստանձնել է Թուրքիան, նման պարտաւորութիւններ ստանձնել է եւ Հայաստանը: Մենք պէտք է վերացնենք շուկայական տնտեսութեան զարգացման բոլոր խոչընդոտները»:
Վարչապետի խօսքի ամբողջական պարունակէն այս բաժինը դուրս բերելով, առանձնացնելով ու լուսարձակի տակ առնելով անմիջական երկու հետեւութիւն կարելի է ընել.
Առաջին, որ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը ինքզինք պատասխանատու կը նկատէ ոչ թէ համայն հայ ժողովուրդին հանդէպ, այլ միայն Հայաստանի բնակչութեան:
Երկրորդ՝ որ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը եւ շուկայական տնտեսութեան առջեւ ճամբաները լայն բանալը կառավարութեան համար առաջնահերթ խնդիր է եւ որ կառավարութիւնը որոշած է այդ ճամբաները փակող բոլոր խոչընդոտները վերցնել:
Հայրենիքի մէջ ապրողներու բարօրութեան մասին բոլորս ալ կը մտածենք, բոլորս ալ կը մտահոգուինք ու բոլորս ալ պատասխանատու կը զգանք: Հայրենի պետականութեան ուժեղացումը մեր բոլորի ալ մտասեւեռումն է, թէ՛ իբրեւ հայրենի բնակչութեան բարօրութեան հասցնելու երաշխիք եւ թէ՛ իբրեւ համայն հայ ազգի իղձերու եւ նպատակներու իրականացման ամէնէն հզօր միջոց:
Այդ իսկ պատճառով, մեր համզումով Հայաստանի կառավարութեան ոեւէ ղեկավար պէտք է զգայուն ըլլայ ու ինքզինք առնուազն բարոյապէս պատասխանատու նկատէ համայն հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար, ազգը միացնող, ազգի մէջ միասնականութիւն ամրապնդող կեցուածքներ միայն դրսեւորէ, այլ ոչ ըստ նպատակայարմարութեան օր մը միայն հայրենիքի բնակիչներուն հաշուետուի օր մըն ալ մէկ ազգ ու մէկ հայրենիքի գաղափարախօսութեան ջատագովի դերը վերցնել:
Այսպիսի պատեհապաշտական դիրքորոշումէն մեկնելով առաւել եւս մտահոգիչ կը դառնայ երկրորդ բանաձեւումը, ուր տնտեսական զարգացումը ինչ որ գերակայ դիրքի վրայ կը դրուի՝ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպեճանական
յարաբերութիւններու բարեկարգման ծիրէն ներս: Այս գերակայ դիրքի շեշտաւորման ապացոյցներէն մէկը հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումն է: Այս գերակայ դիրքն ու առաջին կէտի մէջ մէկ ազգի գաղափարի զանցումը մեզ խորապէս կը մտահոգէ:
Դժբախտաբար հարցազրոյցի ամբողջական բովանդակութիւնը ոչ մէկ ձեւով մեր մտահոգութիւնը ցրուելուն կրնայ ծառայել:
Mets zayruytov u vrdovmunkov em kardatsel mer varchapeti veronshyal hartdazruytse…
Ughghaki annereli en nra tuyl tvats skhalnere… Inch e nshanakum 3 milioni hamar e miayn partavorvats zgum???
Ayn depkum, erb turkere urish petutiun nerkayatsnogh azerineri hamar orn i bun krknum en mek azg erku petutyun, mer “khelok” varcahpete ir anmit haytarartutyamb mer Hay joghovrdin bajanum e erku masi… ???
Yes ktsankanayi mer Spyurki eghbayrnerin u quyrerin asel, vor terevs ete aveli ankeghts linenk, apa karogh enk asel, vor varchapete Hayastani 3 milion hayeri hamar el iren partavorvats chi zgum !