ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով յայտարարած է, որ «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու միջեւ Հոկտեմբեր 9ին Քիշինեւի մէջ կայացած հանդիպումը լաւատեսութեան առիթ չի տար, որովհետեւ անոնք շինիչ չէին»:
«Հայկական կողմը սկսաւ արծարծել հարցեր, որոնց շուրջ արդէն երկու-երեք տարի առաջ համաձայնութիւն գոյացած էր», յայտարարած է ան եւ աւելցուցած. «Մենք կ՛ընդունինք սկզբունքը, որու համաձայն, քանի դեռ ամէն բանի շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած՝ ոչինչ համաձայնեցուած չէ, սակայն անհնար է առաջ ընթանալ, երբ ստիպուած ես վերադառնալ եւ քննարկել հարցեր, որոնց շուրջ համաձայնութիւններ ձեռք բերուած էին արդէն երկու-երեք տարի առաջ»։
Կարծիք յայտնելով, թէ հայկական կողմի այդ դիրքորոշումը պայմանաւորուած է շրջանին մէջ արձանագրուած վերջին զարգացումներով, մասնաւորապէս Հայաստան-Թուրքիա մերձեցմամբ՝ Մամէտեարով ըսած է, որ «հայկական կողմը հաւանաբար կը կարծէ, որ եթէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները յառաջ կ՛ընթանան, ապա հնարաւոր է սառեցնել միւս գործընթացները»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնած է, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները ամենայն հաւանականութեամբ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան կամ Նոյեմբերի սկիզբը շրջանը պիտի այցելեն։ «Անոնք պէտք է ուղիներ գտնեն բանակցային գործընթացի դրական ընթացքը պահպանելու համար: Անոնք պէտք է համոզեն Հայաստանի իշխանութիւնները, որ չեն կրնար արծարծել հարցեր, որոնց շուրջ արդէն համաձայնութիւն գոյացած է։ Այլապէս, ասիկա անվերջ գործընթաց կ՛ըլլայ», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.