ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Պէյրութ, Փարիզ, Նիւ Եորք, Մոնթրէալ… Ուրկէ որ կ՛անցնիմ, բարեւ կամ գարեջուրի բաժակ, խմբագրատուն թէ եկեղեցի, հայը կը խօսի հայեւթուրք յարաբերութիւններու եւ աւելի քան հաւանական համաձայնութիւններու մասին, կÿըսուի նաեւ՝ անվերադարձ: Երեւանի իշխանութիւնները Թուրքիոյ հետ ի գին ամէն զիջումի, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու աւերակներուն վրայ, պատմութեան ուրացման, հայրենահանուածներու անտեսման եւ արհամարհման վրայ, կարծեցեալ բնականոնացման քաղաքականութիւն կը հետապնդեն:
Հայ ազգային քաղաքական երեք կազմակերպութիւնները, զորս «աւանդական» կոչել սովորութիւն դարձած է Հրազդանի ափին, թելադրելով այն միտքը որ անոնք պատմութեան կը պատկանին, որ կը նշանակէ թէ ժամանակավրէպ են, հինցած են: Ինչպէս որ ՀԱՅԱՍՏԱՆը կը կոչեն ՊԱՏՄԱԿԱՆ եւ ձեռնահմայի ճարպիկութեամբ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ կը յայտարարեն… ՀԱՅԱՍՏԱՆ, պղտորելով հայ քաղաքական միտքի հորիզոնը: Բռնագրաւուած Հայաստանը արտաքսուած է քաղաքական ճառէն եւ առաջադրանքներէն, անոր բնիկ եւ հայրենահանուած ժողովուրդի իրաւունքները, պայքարները, զոհողութիւնները, երազները, ազատագրութիւնը, որպէս պատմական մանրուք, կը նետուին գրասեղանի մը ետին գտնուող թղթիկի կտորներու զամբիւղը:
Այս հակազգային քաղաքականութիւնը ջատագովելու համար, Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները, բարձրագոյն մակարդակով, կը շրջին հայկական Սփիւռքները, ուրացումը եւ հրաժարումները ծախելու համար որպէս ազգային քաղաքականութիւն: Միշտ պիտի գտնեն պատմութենէ եւ ազգային գաղափարախօսութենէ անտեղեակ բայց անյայտ ոչ այդքան, պատճառներով իրենք զիրենք կարեւոր համարող անձեր, որոնք պատրաստ ըլլան «այո՛» ըսելու, պառակտումի առաջնորդելով ազգը: Այս հակազգային քաղաքականութիւնը կը հակասէ նոյնինքն Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ընդունուած օրէնքները, «մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» կարգախօսի իրաւ բովանդակութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրական ծրագրին եւ առաջադրանքներուն մէջ ոչ մէկ տեղ արձանագրուած էր այս անձնատուական ծրագիրը, հետեւաբար այդ ուղղութեամբ ինք ոչ մէկ լիազօրութիւն ստացած է ժողովուրդէն, այդ լիազօրութիւնը չէ ստացած նաեւ այսօրուան Խորհրդարանը, որուն կարելի ըլլայ դիմել ձեւականութիւնները յարգելու համար: Նորաբոյս իմաստուններ եւ իմաստակներ կան որոնք կÿըսեն թէ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութիւնը կÿորոշուի Երեւանի մէջ: Նոյնիսկ այս պարագային, ԱՆԸՆԴՈՒՆԵԼԻ Է ՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐՈՇՈՒԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷæ: ՀԱՅՐԵՆԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐԸ ՈՉ ՈՔԻ ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆ ՉԵՆ ՏՈՒԱԾ ԻՐԵՆՑ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆԵԼՈՒ, ԼՈՒԾԱՐՔԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼՈՒ:
Այս խառնաշփոթ եւ անձնատուական պայմաններուն մէջ հայրենահանուածներու բազմութիւնները կանգնած են պատմական պատասխանատուութեան առջեւ. իրենց ճակատագրին տէր կանգնելու կամ չկանգնելու, այսինքն հետեւելու կամ չհետեւելու Հայաստանի Հանրապետութեան անձնատուական քաղաքականութեան կամ զայն բացարձակ կերպով մերժելու: Այս ընելու համար, հայկական սփիւռքները, ազգային բովանդակութեամբ գերանցումի ճիգով մը, անյապաղ պէտք է որ յառաջացնեն ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ կամ ԱՔՍՈՐԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ եւ միջազգային համաձայնութիւններու եւ օրէնքներու հիման վրայ դիմեն համապատասխան ատեաններու, պահանջելու համար միջազգային իրաւարարութիւններով ընդունուած իրենց իրաւունքերը, օրինակ, Սեւրի դաշնագիր եւ Ուիլսընեան վճիռ: Այս ձեւով է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԸ կը դառնայ իրաւական խնդիր եւ կը ներկայանայ որպէս ԴԱՏ: Այս ընելու համար, հայ ազգային կուսակցութիւնները, դուրս գալով իրենց զգացական պահպանողական հայրենասիրութենէն, Հայաստանի Հանրապետութեան հանդէպ իրենց որդեգրած մսկոտութենէն, խորհրդային շրջանին հրահրուած եւ այժմ ժամանակավրէպ դարձած մրցակցութիւններէն, հրապարակ պէտք է որ գան, պէտք է որ եկած ըլլային, որպէս հայրենահանուածներու ամբողջական իրաւունքներու պաշտպան, այսօր շնորհուած զբօսաշրջիկ եւ հիւր ըլլալու անհեռանկար իրաւունքէն:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարած ներկայի անձնատուական եւ հակազգային քաղաքականութիւնը պատճառ պիտի ըլլա՞յ որպէսզի Սփիւռքը նուաճէ իր իրաւունքներու հետապնդման անկախ քաղաքականութիւնը, որ միաժամանակ կրնայ կասեցնել նաեւ բոլորիս ծանօթ արագ կամ դանդաղ մաշումը: Այսինքն, վերականգնել Սփիւռքը որպէս ազգի լիիրաւ աւելի քան կէս, առանց տկարանալու, առանց լսելու ամբոխավարական այն ճառը, ըստ որուն, նման ընթացք սեպ կը խրէ ազգի երկու հատուածներուն միջեւ:
Իրաւունք, հեռանկար եւ ազգային գաղափարախօսութիւն գերիվեր են պառաւական բարոյախօսութենէ եւ «էսթէպլիշմընթ»ային ծեքծեքումներէ, եւ մանաւանդ ապազգային ու ապազգայնացնող շահախնդրութիւններէ եւ ամէն անկիւնէ բուսնող «բիզնես»ային խայտառակութիւններէ:
«Հորիզոն»
1 Հոկտեմբեր 2009
Ampoghchatznelov Hagop Baliani hotvadzin skizpi massin mech haydnvadz jisht kaghapar@, lav ch@llar aske yedk Hayastani Hanrabedoutyan massin khosselou aden zayn gochel “Arevelyan Hayastani Hanrabedoutiun” ?