ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Միացեալ Նահանգներու Ընկերային ապահովութեան ծրագրի վարչութիւնը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15ին հաստատեց, թէ յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ընկերային ապահովութեան ծրագիրէն վճարումներ ստացող մօտաւորապէս 50 միլիոն քաղաքացիներուն ամսականները յաւելում պիտի չարձանագրեն, որովհետեւ սղաճ չէ արձանագրուած: Ընկերային ապահովութեան ծրագրին վճարումները սղաճին կապելու 1975ի որոշումէն ետք, ասիկա առաջին անգամն է, որ վճարումները պիտի չբարձրանան:
Յատկանշական է, որ Ընկերային ապահովութեան ծրագրի վճարումները այս տարի 5.8 տոկոսով աճած էին, ինչ որ բարձրագոյն ոստումն էր 1982էն ի վեր: Այդ աճին գլխաւոր պատասխանատուն ուժանիւթի գիներու հսկայ աճն էր:
Ընկերային ապահովութեան ծրագրի վարչութեան վերոյիշեալ որոշումը դարմանելու նպատակով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա արդէն իսկ առաջարկած է տարեց եւ անկարող քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ երկաթուղային մարզի հանգստեան կոչուած աշխատաւորներուն եւ վեթերաններուն, մէկ անգամուան համար 250 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրել: 13 միլիառ տոլար արժող նման քայլ մը պէտք է վաւերացուի Քոնկրէսին կողմէ:
Յայտնենք, թէ ներկայիս Ընկերային ապահովութեան ծրագիրէն հատուցում ստացող քաղաքացիներուն միջին ամսականը 1094 տոլար է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.