ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Առնոլտ Շուարցնեկըր Օգոստոսին նահանգին հինգերորդ շրջանի վճռաբեկ ատեանին դատաւոր նշանակած է Չարլզ (Չաք) Սուրէն Փուչիկեանը:
Անոր նշանակման վաւերացումը եւ երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 24ին, ներկայութեամբ մօտաւորապէս 120 հոգիի, ներառեալ անոր ընտանեկան պարագաներն ու բարեկամները:
60ամեայ Փուչիկեան նախապէս եղած է Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ (1998էն 2006), ինչպէս նաեւ նահանգային խորհրդարանի անդամ (1994-1998) ու ծառայած է Քալիֆորնիոյ նահանգապետեր Ճորճ Տէօքմէճեանի ու Փիթ Ուիլսընի կառավարութեանց մէջ (1981էն 1990): Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Փուչիկեան պիտի փոխարինէ վերջերս մահացած դատաւոր Թամըս Հէրիսը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.