ՊՈՒՐՍԱ.- Ցեղասպանութենէն առաջ իննսուն հազար հայ բնակիչ ունեցած Պուրսա քաղաքի «Ալմիրա» հիւրանոցին մէջ, երէկ երեկոյեան կայացաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը՝ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ անոր խորհրդականներուն հետ:
Նախագահ Սարգսեան իր ինքնաթիռով Պուրսայի օդակայան ժամանած էր Չորեքշաբթի օր, տեղական ժամով կէսօրէ ետք ժամը 4:40ին: Նախագահին կ՛ընկերանային արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, փոխնախարարներ Արմանտ Կիրակոսեան եւ Շաւարշ Քոչարեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Վիգէն Սարգսեան եւ բազմաթիւ լրագրողներ:
Նախքան պաշտօնական հանդիպումը, նախագահ Սարգսեան այցելած է Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի մարզիկներուն, անոնց իջեւանած պանդոկին մէջ:
Դիւանագիտական բարձրաստիճան աղբիւր մը «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին փոխանցած է, թէ հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ողջունած են Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի՝ անցեալ տարուան Սեպտեմբերին՝ Երեւան, եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկ Պուրսա կատարած այցելութիւնները: Նշուած է, որ երկու երկիրներուն առաջնորդները իրենց քայլերով լաւ օրինակ կ՛ըլլան նաեւ երկու երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Կողմերը վերլուծած են անցեալ տարուան հանդիպումէն ետք տեղի ունեցած զարգացումները. նաեւ նշուած է, որ այդ ընթացքին արձանագրուած է մեծ յառաջխաղացում, որուն իբրեւ արդիւնք կան արդէն ստորագրուած երկկողմանի փաստաթուղթեր, որոնց հիման վրայ «պէտք է շարունակել» հետագայ գործողութիւնները:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի, կողմերը նշած են, որ գործընթացը դիւրին չէ եւ տակաւին շատ հարցեր կան լուծելու: Անոնք նկատած են, որ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ոչ միայն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, այլեւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը գրաւած են:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ ընթացակարգային հարցեր. յատկապէս, թրքական կողմը տեղեկացուցած է, թէ արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացը սկսած է. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու կատարած է ընթացակարգային առաջին անհրաժեշտ քայլը եւ Հոկտեմբեր 21ին Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը ձեռնամուխ պիտի ըլլայ գործընթացին:
Պուրսայի մէջ Թուրքիոյ նախագահը ճաշկերոյթ տուած է ի պատիւ Հայաստանի նախագահին: Երկու երկիրներու նախագահները ունեցած են առանձնազրոյց: Նախագահ Սարգսեան ֆութպոլի խաղի աւարտին վերադարձած է Երեւան:
Նշենք, որ ֆութպոլի մրցումը մարզական որեւէ խանդավառութիւն չէր յառաջացուցած: Դաշտը լեցնելու դժուարութիւն ունեցող պատասխանատուները վերջին օրերուն ձրի տոմսակներ առաջարկած էին բնակչութեան: 18,000 հանդիսատես ընդունելու յարմարութիւն ունեցող մարզադաշտի ապահովութեան կը հսկէին շուրջ երեք հազար ոստիկաններ եւ գաղտնի ոստիկաններ: Մարզադաշտէն ներս արտօնուած էին միայն հայկական եւ թրքական դրօշակները:
Նշենք, որ ֆութպոլի խաղը աւարտեցաւ թրքական խումբի յաղթանակով՝ 2-0:
Քաղաքական խաղը ի սկզբանէ յաղթանակ մըն էր Թուրքիոյ համար:
Աներեւակայելի պատկեր մը
Հազար ամօթ
Ձաւալի…
Հոս պիտի հասնէի՞նք
«Ան՛նեմին ան՛նեսի»
‘Դիպաշար ” պիտի ըսեր
ինծի անծանօթ «Փուշտը»