ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն բարձր գնահատեց Մոսկուայի մէջ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ին կայացած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ բանակցութիւնները։
Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, Քլինթըն յայտարարեց, որ կողմերը կատարած են համապարփակ եւ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ, որոնք արդիւնք են Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու վերջին ամիսներու բարեփոխման:
Քլինթըն այդ աշխատանքին մէկ արդիւնքը համարած է 10 Հոկտեմբերին, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները։ «Ընդամէնը երեք օր առաջ Սերկէյը եւ ես Ցիւրիխի մէջ միասին կ՛աշխատէինք Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող պատմական արձանագրութիւններու ստորագրման ուղղութեամբ։ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ վճռակամօրէն կողմ են այս գործընթացին։ Ասիկա Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համագործակցութեան մէկ յաւելեալ օրինակ է», նշած է Քլինթըն։