ՀԱԼԷՊ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիա եւ Սուրիա Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 13ին ստորագրեցին երկու երկիրներուն միջեւ մուտքի արտօնագիրներու (վիզա) դրութիւնը ջնջելու համաձայնագիրը, երկու երկիրներուն միջեւ կազմուած նախարարական մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի առաջին նիստէն ետք:
Նիստին մասնակցեցան երկու երկիրներու արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, ներքին գործոց, տնտեսութեան, առողջապահութեան, հողագործութեան եւ ուժանիւթի նախարարները:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու ժողովէն ետք սուրիացի իր պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Դեկտեմբերի սկիզբը պիտի այցելէ Դամասկոս, ուր թուրք ու սուրիացի պաշտօնատարներ՝ երկու երկիրներու վարչապետներուն համանախագահութեամբ, ժողով մը պիտի գումարեն։
Համաձայնութիւնը կնքուեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանին վրայ խորհրդանշական արարողութեամբ մը, որմէ ետք նախարարները սահմանը անցնելով՝ ուղղուեցան Այնթապ՝ իրենց հանդիպումը հոն շարունակելու համար։
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ իր կարգին յայտնեց, որ ասիկա պատմական օր մըն է՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը շրջանի այլ երկիրներու համար իբրեւ օրինակ կը ծառայէ։ Ան ըսաւ, որ երկիրներ պէտք է ռազմավարական սերտ յարաբերութիւններ մշակեն, նկատի ունենալով Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութեան օրինակը։