ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հոկտեմբեր 13ին, պարզաբանելով լրագրողներու կողմէ տրուած հարցերը՝ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնած է, թէ Ցիւրիխի մէջ հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք, ըստ պայմանաւորուածութեան, պէտք է բանաւոր յայտարարութիւններ ըլլային եւ առաջին ելոյթը պէտք է ունենար Հայաստանի ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։ Ըստ Քոչարեանի, կողմերը պայմանաւորուած էին բանաւոր յայտարարութիւնները գրուած վիճակով նախապէս փոխանակել միմեանց: «Արդիւնքում, մենք պատրաստ էինք եւ տեքստն (գրուած յայտարարութիւնը-Խմբ.) ունէինք: Մեզ հաւաստիացրեցին, որ թուրքական կողմը, որն ի դէպ, ձգձգում էր, արդէն պատրաստել է տեքստը, եւ եթէ մենք ուղարկենք մեր տեքստը, ապա կը ստանանք իրենցը: Սակայն թուրքական կողմը մինչեւ արարողակարգի սկիզբը տեքստը չներկայացրեց, որն արդէն լուրջ կասկածի տեղիք տուեց: Ահա դա էր պատճառը, որ հայկական պատուիրակութիւնը չմեկնեց համալսարան, որտեղ պէտք է տեղի ունենար այդ ստորագրման արարողութիւնը եւ պահանջեց ունենալ տեքստը», նշած է արտաքին գործոց փոխնախարարը՝ աւելցնելով, որ նշեալ նիւթին (text) մասին հայկական պատուիրակութիւնը տեղեկացուցած են հեռախօսով:
«Այն, ինչը երկարատեւ բանակցութիւնների ընթացքում Թուրքիային չյաջողուեց ներառել արձանագրութիւնների մէջ, իսկ դրանք յայտնի դրոյթներ են, փորձ արուեց մեծ կշիռ ունեցող այդ արարողութեան ժամանակ հնչուելիք բանաւոր խօսքում, այդ դրոյթները կապել արձանագրութեան հետ. ինչ որ կերպ՝ կասկածի տակ դնել Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, ուղղակի կամ անուղղակի կապ ստեղծել ղարաբաղեան հիմնախնդրի հետ», յայտնած է Շ. Քոչարեան:
Փաստօրէն, խախտուած էր պայմանաւորուածութիւնը, եւ ըստ փոխնախարարին, փորձ կը կատարուէր արձանագրութիւնները իւրովի մեկնաբանելու, բայց հայկական կողմին առարկութեամբ եւ միջնորդներու ջանադրութեամբ երկարատեւ բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ թրքական կողմը չկրցաւ հնչեցնել այդ խօսքը: Բանակցութիւնները տեւած են երեք ժամ, եւ անոնց մասնակից եղած են բոլոր միջնորդ երկիրները, առաջին հերթին՝ Զուիցերիան: Շաւարշ Քոչարեանի խօսքով, հայկական պատուիրակութիւնը կանխած է Թուրքիոյ այն քայլը, որ անընդունելի է Հայաստանի համար:
Արտաքին գործոց փոխնախարարը հերքած է նաեւ մամլոյ այն հրապարակումները, ըստ որոնց, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով գրութիւն յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին՝ կոչ ընելով, որ վերջինս համաձայնի առանց յայտարարութիւններ կատարելու արձանագրութիւնները ստորագրելու տարբերակին:
«Ռուսաստանի ներդրումն այս ամբողջ գործընթացում եղել է բաւականին ծանրակշիռ եւ այդ օրը նոյնպէս, բայց այդպիսի գրութիւն չի եղել: Ո՛չ նախարարը, ո՛չ պատուիրակները նման գրութիւն չեն տեսել», ընդգծած է ան:
Գնահատելով արձանագրութիւններուն ստորագրման ձգձգումը՝ Շ. Քոչարեան նշած է. «Վերջիվերջոյ, ի՞նչ ցոյց տուեց այդ երեք ժամը. աշխարհին յստակ երեւաց մի խնդիր, որ մեր հաւաքական ինքնութիւնը կազմող արժէքների հարցում մենք երբե՛ք չենք նահանջի: Այսինքն, նոյնիսկ մի յայտարարութիւն, որը պէտք է արուէր, դա մենք համարեցինք անընդունելի եւ հասանք նրան, որ դա չլինի: Նշանակում է՝ Ցեղասպանութեան եւ Ղարաբաղի հարցերում հայկական կողմը եղել ու լինելու է վճռական: Աւելի՛ն, տեսէք թուրքերի հաշուարկն այսպիսին էր, որ վերջին պահին, երբ արդէն բոլորը հաւաքուած կը լինեն, հայերը կը զիջեն, կը ստորագրեն: Բայց ո՛չ, այդպէս չեղաւ, եւ բոլորը դա տեսան: Ի՞նչ ստացաւ թուրքական կողմը: Ամբողջ համաշխարհային եթերը հեղեղուեց Ցեղասպանութեան կադրերով, յիշատակումներով: Այսինքն, չեմ կարծում, որ դրանով նրանք շահեցին, այլ՝ ճիշդ հակառակը»:
Անդրադառնալով նաեւ արծարծուող այն հարցին, թէ՝ սահմանը բանալէ որոշ ժամանակ անց, արդեօք Թուրքիան նոյն պատճառաբանութեամբ կրկին զայն չի՞ փակեր, Շաւարշ Քոչարեան բացատրած է, թէ Թուրքիան ինչքա՛ն ալ խոր ձեւով ներգրաւուի այս գործընթացին մէջ, այնքան դժուար պիտի ըլլայ անկէ դուրս գալը, որովհետեւ արդէն առկայ է բազմաթիւ երկիրներու միջնորդութիւնը:
Խորհրդարանին կողմէ արձանագրութիւններու վաւերացման ժամկէտին առնչութեամբ, ԱԳ փոխնախարարը դիտել տուած է. «Սա այն դէպքն է, որ արձանագրութիւնները չէին կարող ժամկէտ սահմանել խորհրդարանների վաւերացման համար: Բայց չէ՞ որ կայ ողջամտութիւն հասկացութիւնը: Եւ պատահական չէ, որ յայտարարութիւններով հանդէս եկած բոլոր պետութիւնները խօսում էին այն մասին, թէ անիկա պէտք է արագ կատարուի եւ կեանքի կոչուի: Ողջ միջազգային հանրութեան սպասելիքն արագ եւ ողջամիտ ժամկէտն է: Եթէ լինի անհարկի ձգձգում, ապա մենք ունենք մեր պատասխանը, որի մասին բացէիբաց ասել է ՀՀ նախագահը»:
Իսկ Հայաստանի մէջ սկիզբ առած լուրջ ու խոր քննարկումներու նշանակութեան մասին Շաւարշ Քոչարեան ըսած է, թէ «Աշխարհը տեսաւ, որ գործ ունի ոչ թէ երեք միլիոնանոց Հայաստանին հետ, այլ տասը միլիոնանոց հայութեան հետ»: