ԱԹԷՆՔ.- Վերջերս, յունական Նէա Զմիռնի քաղաքի պուրակին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական մշակոյթին նուիրուած երեկոյ, որ աւանդաբար կ՛իրագործուի Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կազմակերպած «Իոնիքես Եորթես» փառատօնի ծիրէն ներս:
Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ ՀՅԴ Աթէնքի Կոմիտէի եւ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան համագործակցութեամբ:
Օրուան նախագահն էր Յակոբ Կարապետեան, որ բացումը կատարեց ձեռնարկին՝ անդրադառնալով տարիներու ընթացքին Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան եւ հայկական գաղութին միջեւ իրագործուած սերտ յարաբերութեան: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան անկեղծ համագործակցութեան եւ անոր քոյր քաղաք Սիսիանի հանդէպ շարունակաբար ի գործ դրուած ջանքերուն համար:
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Նէա Զմիռնիի փոխքաղաքապետներ Վանկէլիս Խաչատուրեան եւ այլք:
Այս տարի գեղարուեստական յայտագիրի երաժշտական բաժինը վստահուած էր յունահայ յօրինող Ստեփան Թեքիրեանին, որ ներկայացուց հայկական երգեր եւ ծանօթ մեղեդիներ: Դաշնակի, տուտուկի եւ ուտի կատարումները ոգեւորեցին ներկաները եւ մեծապէս գնահատուեցան հայ եւ յոյն հանդիսատեսներուն կողմէ:
Գեղարուեստական բաժնի երկրորդ մասը նուիրուած էր հայկական պարին: Յովհաննէս Խաչիկեանի պարուսուցութեամբ ելոյթ ունեցան «Համազգային»ի մեծ ու միջակ տարիքի տղոց պարախումբերը: «Նանօր» եւ «Նայիրի» երկսեռ խումբերու անդամները բեմ բարձրացան եւ իրենց երիտասարդ խանդավառութեամբ, գեղեցկօրէն ներկայացուցին հայկական պարերու հարուստ շարք մը: Հայ երիտասարդներուն եւ պատանիներուն ելոյթը մեծ տպաւորութիւն ստեղծեց յոյն հասարակութեան մօտ:
Նշենք, որ ձեռնարկին զուգահեռ, ներկաները առիթը ունէին մասնակցելու հայ-թրքական արձանագրութիւններուն դէմ իրագործուող ստորագրահաւաքի արշաւին. մուտքին զետեղուած եռագոյն պաստառին առջեւ, իւրաքանչիւր հայ անհատ իր ստորագրութեամբ իր բողոքը կը յայտնէր նախապայմաններով լեցուն հայ-թրքական «փրոթոքոլ»ներու ստորագրման դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.