ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկուշաբթի օր հասաւ Պէյրութ: Նախագահին ցոյցերով ու երթերով դիմաւորելու պատրաստուած խռովահար լիբանանահայութիւնը ու Պուրճ Համուտի ժողովուրդը, Երեքշաբթի կէսօրէն սկսեալ գործադուլի դիմած էր՝ արտայայտելու համար իր բողոքը հայ-թուրք արձանագրութիւններու ստորագրումին դէմ:
ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական միութեան շուրջ հարիւր անդամներ, նախագահի ժամանման պահուն Պէյրութի օդակայանին առջեւ ցոյց կատարեցին:
Աւելի ուշ, մինչ նախագահը «Հապթուր» պանդոկին մէջ կը հանդիպէր Լիբանանի, Սուրիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Ծոցի երկիրներու հայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ, բազմահազար լիբանանահայեր բողոքի երթով Պուրճ Համուտէն հասան նոյն պանդոկին վայրը եւ բարձրաձայն կոչերով հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրումի կասեցումը պահանջեցին:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, «Հապթուր» պանդոկին շուրջ հաւաքուած հայորդիներուն առջեւ ելոյթ ունենալով՝ անոնց պատգամած է, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պահանջատէր պիտի մնայ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւօ Կիտանեան, «Հապթուր» պանդոկին շուրջ հաւաքուած հայազգի ցուցարարներուն յայտնեց նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին ներկայացուցած կեցուածքները:
Մէկ օր առաջ՝ Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8։00ին, հայ-թրքական արձանագրութիւններու դէմ բողոքի նախաձեռնութիւնները շարունակուած էին, երբ լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններու եւ յարանուանութիւններու երիտասարդական ու ուսանողական միութիւնները, բազմահազար հայորդիներու ներկայութեամբ կատարեցին հսկում-մոմավառութիւն։
Յայտագիրի սկզբնաւորութեան, ներկաները իրենց վառած մոմերով կազմեցին «Ո՛»չ բառը, որ իրողապէս արձանագրութիւններուն դէմ լիբանանահայութեան ամուր մերժումին հաւաքական արտայայտութիւնն էր։ Միաժամանակ, հսկումի մասնակիցները դիտեցին տեսաերիզ մը, որուն մէջ ներկայացուած են Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերն ու հաւաքները։ Ստորագրաւահաւաքի աշխատանքները նաեւ շարունակուեցան Մայրավանքէն ներս, երբ տակաւին իրենց մասնակցութիւնը չբերած հայորդիներ, մերժելով արձանագրութիւնները՝ ստորագրեցին համապատասխան թերթիկներու վրայ։
Հսկում-մոմավառութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով։
Նաեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Լիբանան այցելութեան առիթով, կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ Երիտասարդական եւ Ուսանողական միութիւններուն, Երկուշաբթի, 5 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան կողքին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը՝ մասնակցութեամբ շուրջ 150 հայորդիներու։
Հաւաքի մասնակիցները ցուցատախտակներով ու եռագոյն դրօշներով կ՛արտայայտէին իրենց բողոքը՝ դէմ կանգնելով հայ-թրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն։ Ցուցատախտակներուն վրայ գրուած էին շարք մը լոզունգներ, ինչպէս՝ «Ո՛չ՝ հակահայ արձանագրութիւններուն», «Ցեղասպանութիւնը սակարկութեան առարկայ չէ», «Մեզի պէտք են նոր վարդաններ եւ ոչ վասակներ», «Ո՛չ՝ նախապայմաններուն» եւ այլն։