Ատրպեճանական «Վեսթի.ազ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մէջ հանդիպումները աւարտելէ ետք, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցած են լրագրողներու հետ եւ յոյս յայտնած, որ Քիշինեւի մէջ Հոկտեմբեր 8ին տեղի ունենալիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումէն ետք դրական տեղաշարժ տեղի պիտի ունենայ։ Անոնք ըսած են, որ Քիշինեւի մէջ որեւէ փաստաթուղթի ստորագրութիւն նախատեսուած չէ։
«Մենք կ՛ողջունենք բանակցային գործընթացի դրական տեղաշարժը եւ կ՛ակնկալենք աւելի մեծ տեղաշարժերու հասնիլ», ըսած է ամերիկացի համանախագահ Ռապըրթ Պրատթքի։ Ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով ըսած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դրական գնահատած է բանակցային գործընթացը եւ յոյս յայտնած, որ դրական ընթացքը շարունակուի։
Ռուս միջնորդը նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը անհարժեշտ է առանձին դիտարկել՝ չկապելով զայն այլ տագնապներու եւ գործընթացներու։
Համանախագահներուն շրջան այցելութենէն առաջ կը խօսուէր, թէ անոնք իրենց հետ պիտի բերեն մատրիտեան սկզբունքներու նորացուած տարբերակը, սակայն այդ մէկը տեղի չունեցաւ։ Բազմաթիւ փորձագէտներ այդ մէկը կը բացատրեն միջազգային հանրութեան կողմէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրութեան գործընթացը որեւէ այլ փաստաթուղթով չխանգարելու ցանկութեամբ։
Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները անցեալ շաբաթ այցելած են Հայաստան ու Լեռնային Ղարաբաղ, ուր հանդիպած են նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Բակօ Սահակեանի հետ: