Ազգային վարժարաններու առաքելութիւնը միմիայն հայ պատանիին եւ երիտասարդին կրթութիւն ջամբել չէ, այլ նաեւ անոր մէջ արթնցնել ազգային ոգին եւ գիտակցութիւնը եւ զայն իրազեկ դարձնել հայութիւնը յուզող առօրեայ հարցերուն։
Անցեալ Ապրիլ 22ի հայ-թրքական «ճանապարհի քարտէս»ի յայտարարութենէն եւ նամանաւանդ Օգոստոս 31ի հայ-թրքաքան «փրոթոքոլ»ի ծրագրի բացայայտումէն ի վեր, գիտակից հայ անհատը իր բողոքի եւ ընդվզումի ձայնը բարձրացուցած էր անոր դէմ։
Արդարեւ, Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի, 22 եւ 23 Սեպտեմբերին, տնօրէնութիւնը բաժնելով «Ֆերահեան» վարժարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտութիւնը 3 տարբեր խումբերու, եւ հաւաքելով զանոնք դպրոցի «Տիգրանեան» սրահը՝ հրաւիրեց իր պաշտօնակիցներէն տոքթ. Ռազմիկ Շիրինեանը եւ Արա Գազանճեանը, որպէսզի յաւելեալ բացատրութիւններ տան եւ բացայայտեն «փրոթոքոլ»ի տողերուն մէջ ու անոնց ետին թաքնուած մութ կէտերն ու գաղափարները։
Առաջին օրը, տոքթ. Շիրինեան, երկրորդականի երկու տարբեր խումբերուն նախ կարդաց «փրոթոքոլ»ը, ապա աշակերտներուն բացատրութիւններ տուաւ պատմականօրէն վերջին 100 տարիներուն տեղի ունեցած հայ-թրքական տարբեր համաձայնութիւններու մասին եւ ներկայացուց այսօրուան առաջարկուած համաձայնութեան ընդհանուր կէտերն ու անոնց ժխտական անդրադարձը Ցեղասպանութեան եւ հայութեան արդար պահանջներուն վրայ։ Դասախօսութենէն ետք առիթ տրուեցաւ աշակերտներուն, որ հարցումներ ուղղեն դասախօսին։
Իսկ Չորեքշաբթի օր, Արա Գազանճեան, այս անգամ միջնակարգի աշակերտները իրազեկ դարձուց տեղի ունեցող գործընթացին մասին եւ անոնց բացատրեց գործընթացին ժխտական անդրադարձը։ Դասախօսութեան աւարտին, նոյնպէս աշակերտներուն առիթ տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու եւ յաւելեալ բացատրութիւններ ստանալու։
Յատկապէս երկրորդականի աշակերտներուն ուղղած հարցումներուն եւ մեկնաբանութիւններուն ընդմէջէն նկատելի էր անոնց քաղաքական մտածելակերպի զարգացումը, ներկայ զարգացումներէն բխող մտահոգութիւնները եւ հայութեան պահանջատիրութեան հանդէպ վճռակամութիւնը։
***
Խօսքէն գործի անցնելու նպատակով, դպրոցի տնօրէնութիւնը քաջալերեց երկրորդականի աշակերտները, որ անոնք իրենց մասնակցութիւնը բերեն քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ կազմակերպուած բողոքի հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենար Կիրակի, 27 Սեպտեմբերին, Կլէնտէյլի մէջ։ Ուրախալի էր տեսնել սոյն հաւաքին, երկրորդականի աւելի քան 200 աշակերտներու մասնակցութիւնը, որոնք ընդառաջելով կոչին՝ հաւաքուեցան դպրոցի շրջափակը, ապա շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին կողմէ տրամադրուած յատուկ հանրակառքերով փոխադրուեցան հաւաքի վայր՝ իրենց ձայնը միացնելու հազարաւոր հայորդիներուն, որոնք նոյնպէս եկած էին իրենց դժգոհութիւնն ու ընդվզումը արտայայտելու հայրենի կառավարութեան ու անոր վարած զիջող քաղաքականութեան դէմ:
Թէ՛ դպրոցէն ներս տեղի ունեցած քննարկումը եւ թէ աշակերտներուն ներկայութիւնը բողոքի ցոյցին, եկան փաստելու, որ դպրոցը յաջողած է իրեն վստահուած առաքելութեան մէջ։