ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Սօսի Փօլատեանի, վերջերս այցելեց «Ասպարէզ»ի եւ «Հորիզոն»ի վերակառուցուած շէնքը: ՀՕՄուհիները հանդիպեցան «Ասպարէզ»ի հայերէն եւ անգլերէն բաժիններու խմբագիրներուն՝ Աբօ Պողիկեանի եւ Արա Խաչատրեանի հետ, ինչպէս նաեւ «Հորիզոն»ի ընդհանուր տնօրէն Հէրի Որբերեանի հետ:
Վարչութեան անդամներէն շատերուն համար «Հորիզոն»ի ընդլայնուած եւ արդիականացած «սթու-տիօ»ի առաջին այցելութիւնն էր ասիկա, որ մեծապէս տպաւորիչ էր: Պակաս տպաւորիչ չէր «Ասպարէզ»ի գրադարանին մէջ տեղ գտած 101 տարուան թիւերու հաւաքածոն:
Այցելութեան առթիւ Սօսի Փօլատեան յայտնեց. «Արհեստագիտութեան արագընթաց հեւքին հանդերձ, անձնական յարաբերութիւնները կարեւոր է մշակել մեր գաղութի լրատուական ամէնէն հին եւ տարածուն օրկանին հետ»:
Յայտնենք, որ «ՀՕՄի Ձայն» հեռատեսիլի ծրագիրը պիտի վերսկսի իր սփռումներուն Յունուար 2010էն սկսեալ:
Նաեւ, այցելութիւնը առիթ մըն էր, որ ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը այցելէ նոյն շէնքին մէջ տարիներէ ի վեր գործող ՀՕՄի Հոլիվուտի Ընկերային ծառայութեան գրասենեակները եւ խրախուսէ պաշտօնեաները: