ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճանի, Ղազախստանի, Ղրղզստանի եւ Թուրքիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած թրքախօս երկիրներու խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը վաւերացուցած է Պաքուի հռչակագիրը, ուր կը շեշտուի, որ համագործակցութիւնը կարեւոր միջոց է քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները խորացնելու եւ ժողովուրդները իրարու աւելի մօտեցնելու նպատակներուն համար:
Նոյն օրը, Թուրքիոյ խորհրդարանի խօսնակ Մէհմէտ Ալի Շահին կոչ ըրաւ Իւզպէքիստանին եւ Թիւրքմէնիստանին, որ միանան այս մարմինին: