ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ Քաղաքական եւ ռազմական վերլուծութեան հիմնարկի փոխտնօրէն Սերկէյ Մարքետոնով, ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթին մէջ յօդուածով մը կը կանխատեսէ, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացուելուն պարագային, պիտի փոխուի Կովկասի ռազմաքաղաքական իրավիճակը, որովհետեւ այդ ժամանակ Ռուսիա պիտի կորսնցնէ Հայաստանի մէջ իր առաջնահերթութիւնը, եւ ուշ կամ կանուխ, Հայաստանի մէջ ռուսական ռազմական ներկայութեան նպատակայարմարութեան հարցը պիտի յառաջանայ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.