ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Նիւ Եորքեան իր ելոյթով, ըստ էութեան, ոչ թէ Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ի նպաստ քայլ մը առաւ, այլ, ընդհակառակը, կենդանի ապացոյց հանդիսանալով այն փաստին, թէ քաղաքական նպատակայարմարութեան եւ անմիջական շահերու համար նոյնիսկ ցեղասպանութեան վերապրած ժողովուրդի զաւակը կրնայ սակարկութեան սեղանի նստիլ նման ահռելի յանցագործութիւն կատարող ու ուրացումը իբրեւ պաշտպանութեան մարտավարութիւն որդեգրած պետութեան ժառանգներուն հետ՝ ուղղակիօրէն քաջալերած եղաւ տակաւին քաղաքական հարցեր լուծելու իբրեւ միջոց օգտագործուող Ցեղասպանութեան հակամէտ ուժերն ու պետութիւնները:
Այո, քաջալերած եղաւ այդ ուժերը, որովհետեւ ՄԱԿի բարձր բեմէն, ի լուր եւ ի տես ամբողջ աշխարհի, Նալբանդեան իր ելոյթով, աւելի ճիշդը իր ելոյթին մէջ չարտասանուած խօսքերով, ներկայացաւ քաղաքական պատեհապաշտութեան սկզբունքը դաւանողի կերպարով, իբրեւ անձ, որ պատրաստ է սրբազան արժէքներն իսկ աճուրդի հանելու:
Ցեղասպանութիւնը իբրեւ հարց լուծելու զէնք գործածելէ չխորշողներու աչքէն չի կրնար վրիպիլ, թէ ինչպէ՛ս, միջազգային հանրային կարծիքին, միջազգային պետական շրջանակներուն եւ նոյն ՄԱԿի նման միջազգային նշանակութեամբ բեմերու վրայ որոշ նուաճում արձանագրած հակացեղասպանութեան պայքարի ճակատ մը այսպէս ամօթալիօրէն ինքզինք կը կազմալուծէ: Ահա այդ ուժերուն համար ցեղասպանութեան կանխման դէմ կանգնող պատնէշ մըն է, որ կը քանդուի՝ լայն բանալով իրենց առջեւ անմարդկային յանցագործութիւնը անպատիժ կատարելու հեռանկարները:
Մէկ անգամ ալ կ՛արժէ այս առթիւ բարձրաձայն հարցնել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին. յանուն ինչի՞ է այս բոլորը:
MIAK LOOTZOOME VASEN MER HAY TZOGHOVOORTIN,
MAKRAGORTSOOM AYS YERKOO ESDORIN TAVAJANEROON’
OV HAY TZOGHOVOORT VODKI YELEK.
VASEN ASDOOTSO
YEV HAYRENIKIN [1918]