ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ աջակից խումբը ներկայացնող երեք քոնկրէսականներ նամակ մը յղած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան իրենց գործընկերներուն՝ կոչ ընելով, որ անոնք սատարեն Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման միտող արձանագրութիւններուն (փրոթոքոլին):
Իրենց նամակով քոնկրէսականներ Ռապըրթ Ուէքսլըր, Էտուըրտ Ուայթֆիլտ եւ Քէյ Կրէյնճըր կոչ ուղղած են հաւանութիւն տալու երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Օգոստոս 31ի յայտարարութեան։