ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կիրակի երեկոյեան ժամը հինգին առիթ պիտի ունենանք մասնակցելու բողոքի հաւաքի մը՝ արտայայտելու համար մեր ընդվզումը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար հայրենի իշխանութիւններուն կողմէ վճարուած ծանր գինին դէմ:
Ոչ-հայրենանպաստ, կործանարար այս քայլին դէմ բողոքի հաւաքին նպատակն է՝ այս շրջանի հայութեան պատգամը հասցնել նախագահ Սերժ Սարգսեանի ականջին ու փորձել համոզել զայն, որ փոխէ իր դիրքորոշումը ու կասեցնէ արձանագրութիւնները ստորագրելու գործընթացը:
Կը փոխէ՞ նախագահը իր դիրքորոշումը, թէ ոչ:
Այս հարցը հիմա չէ որ պիտի քննարկենք: Այս հանգրուանին մեր առջեւ կանգնած մարտահրաւէրը, մեր պատգամին լայն ժողովրդականութեան մասին համոզիչ փաստ տալն է, ինչ որ կ՛իրականանայ միայն ու միայն մեր մեծաթիւ, մեր զանգուածային մասնակցութեամբ՝ Կիրակի օրուան հաւաքին:
Հաւաքը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը հինգին ու պիտի աւարտի երկու ժամէն:
Ընդամէնը, տեղ հասնելու ու հաւաքին մասնակցելու համար, մեզմէ կ՛ակնկալուի երեք ժամ:
Շրջանիս հայ կազմակերպութիւնները քարոզչական-տեղեկատուական գնահատելի աշխատանք տարած են՝ բողոքի հաւաքին մարդաշատութիւնը ապահովելու համար: Ընդվզումի դրդապատճառները մանրամասնօրէն ներկայացուած են մամուլով եւ ուղղակի հանդիպումներու ընթացքին:
Հաւաքի վայր հասնելու համար նաեւ ապահովուած են փոխադրամիջոցներ, որոնց մեկնումի վայրերը ճշդուած են (Տես էջ 8): Երկու վայրերէ եւս փոխադրակառքեր պիտի շարժին դէպի Փելանքոնի փարք՝ Pasadena.- Armenian Center (2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107) եւ La Crescenta.- Armenian Center (2633 Honolulu Ave., Montrose CA 91214):
Օգտուեցէք անոնցմէ:
Պատմական պահ կ՛ապրինք: Պատմական պահ մը ստեղծե՛նք միասին, Կիրակի, 27 Սեպտեմբերին: