17 Մայիսին «Ֆորտ» սրահին մէջ ունեցած իր յաջող ելոյթէն խանդավառուած՝ «Էլէմընթ» խումբը յառաջիկայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 27ին դարձեալ նոյն բեմը պիտի բարձրանայ, ունկնդիրներուն աշխոյժ երգի ու երաժշտութեան յիշատակելի երեկոյ մը հրամցնելու նպատակով: Հիմնադիր ու ղեկավար Արա Տապանճեանի կողքին, խումբին մաս կը կազմեն Շանթ Մահսէրէճեան, Հայբերդ Սարեան, Սօսէ Քէշիշեան, Գառնի Հատիտեան, Գրիգոր Սարաֆեան, Արմէն Մէշէֆէճեան, Վահան Մեզեան եւ Ռոման Սամիքիշ:
Տոմսերու համար դիմել (818) 249-1428 թիւին կամ Itsmyseat.com համացանցային կայքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.