ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 19-20 Երեւանի մէջ պիտի իրականանայ Իրաւաբաններու համահայկական առաջին համաժողովը, որուն նպատակն է հայոց պետականութեան ամրապնդման հարցին մէջ հայ իրաւաբաններու ներուժի համախմբումը, գիտակրթական եւ մասնագիտական համահայկական իրաւաբանական խնդիրներու քննարկումը եւ Իրաւաբաններու համահայկական ընկերակցութեան ստեղծումը:
Նախարարութեան մամլոյ եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն, համաժողովին պիտի մասնակցին աւելի քան 60 հայ իրաւաբաններ՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ, ինչպէս՝ ԱՄՆ, Մեծն Բրիտանիա, Աւստրիա, Արժանթին, Ֆրանսա, Գերմանիա, Սպանիա, Լիբանան եւ Ռուսիա, նաեւ շուրջ 100 իրաւաբան Հայաստանէն եւ 10՝ Ղարաբաղի հանրապետութենէն:
Համաժողովի ծիրէն ներս, Սեպտեմբեր 18ին իրաւաբանները պիտի մասնակցին հայ անուանի գեղանկարիչ Էդուարդ Սասունի (Աւագեան) անհատական ցուցահանդէսի բացման, որմէ ետք համաժողովի մասնակիցները պիտի ընդունուին սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի կողմէ:
Համաժողովի հանդիսաւոր բացումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 19ին, Կառավարութեան նիստերու սրահին մէջ: Նիստերը պիտի շարունակուին Սեպտեմբեր 20ին, ապա տեղի պիտի ունենայ այցելութիւն Մայր աթոռ Ս. Էջմիածին: Մասնակիցները պիտի ընդունուին Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ:
Սեպտեմբեր 21ին, համաժողովի մասնակիցները պիտի այցելեն Սեւան, Դիլիջան, իսկ Գոշավանքի մէջ պիտի կայանայ աշխատանքային նիստ:
Նշենք, որ նոյն օրը իրաւաբանները պիտի մասնակցին Հայաստանի Անկախութեան օրուան առթիւ՝ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ կազմակերպուելիք ընդունելութեան: