ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ կառուցել, վերանորոգել եւ բարելաւել Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի կարեւորագոյն հաստատութիւնները: Հիմնադրամի նախագահ Արա Վարդանեանի խօսքով, այժմ Ստեփանակերտի մէջ կը կառուցուին քանի մը միջնակարգ դպրոցներ, Մարտունիի եւ Շուշիի մէջ կը վերանորոգուին բնակելի տուներու տանիքներ, կը լուծուի նաեւ Շուշի քաղաքի խմելու եւ ոռոգման ջրամատակարարման հարցը:
Հիմնադրամին միջոցներով Հայաստանի Տաւուշ մարզին մէջ պիտի կառուցուի գիւղապետարան, եւ նոյն մարզի գիւղերէն մէկուն մէջ պիտի կառուցուի կաթի մթերման կէտ, որպէսզի գիւղացին չհեռանայ իր տարածքէն, իսկ Գորիսի մէջ պիտի կառուցուի սրտաբանական հիւանդանոց:
Կը նախատեսուի նաեւ իրականացնել Երեւանի մէջ «Մարիամ Աստուածածին» հիւանդանոցի վերանորոգումը:
Նաեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ամենամեայ պատկերասփիւռային մարաթոնը այս տարի պիտի իրականանայ Նոյեմբեր 26ին, Լոս Անճելըսի մէջ։ Ըստ Արա Վարդանեանի, հանգանակուած գումարները եօթանասուն տոկոսով պիտի տրամադրուին Շուշիի զարգացման ծրագիրներու իրականացման: Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յայտնած է նաեւ, թէ իրենք արդէն կը համագործակցին ԼՂՀ կառավարութեան հետ։
Նշենք, որ նախքան պատկերասփիւռային մարաթոնը, Եւրոպայի մէջ պիտի իրականանայ հեռախօսային մարաթոն, որուն նախաձեռնողն ու համակարգողը հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինն է:
Գործադիր տնօրէնը յոյս յայտնած է, որ տնտեսական ճգնաժամը պիտի չ՛ազդէ հեռուստամարաթոնի արդիւնքներուն վրայ: Ան համոզուած է, որ այս տարի հանգանակուած գումարները պիտի գերազանցեն նախորդ տարուան ցուցանիշները: Ա. Վարդանեանը յայտնած է նաեւ, որ այս տարի նոր ձեւի դրամահաւաքներ պիտի իրականացուին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.