ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյմս Ճէֆրի իր գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին նկատմամբ։
Դեսպան Ճէֆրի Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 15ին այցելած է Թուրքիոյ խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Մէհմէտ Ալի Շահինի եւ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցած է անոր։
Լրատուամիջոցներու համար փակ հանդիպումը տեւած է շուրջ երեսուն վայրկեան։
Հանդիպումէն ետք, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը թուրք լրագրողներուն յայտնած է. «Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մենք կ՛աջակցինք, եւ կը յուսանք, որ անիկա կը շարունակուի։ Մենք Կովկասի մէջ վճռականօրէն խաղաղութիւն եւ կայունութիւն կը փնտռենք։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման քննարկումներու որոշումը դո՛ւք պիտի տաք»։