ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»- Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու Մատենադարանը հարստացած է 1689ին գրուած Աւետարանով մը: Մանրանկարներով, լուսանցագրերով եւ զարդագրերով հարուստ այս ձեռագիրը գրուած է Տաթեւի մէջ, Մահտեսի Արիստակէսի կողմէ, Նախիջեւանի Ագարակ գիւղի Մարտիրոս սարկաւագի պատուէրով:
Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի խօսքով, վերջին 2 տարուան ընթացքին բարերարներու շնորհիւ հին ձեռագիրներու հայակական պահոցը հարստացած է շուրջ 100 եզակի ձեռագիրներով:
Տաթեւի այս ձեռագիրը գնած եւ Մատենադարանին նուիրած է «ԱԳԲԱՅ քրետիտ ակրիքոլ» դրամատան տնօրէն Ստեփան Գիշեան: «Կը ցանկանայի, որ այս օրինակը վարակիչ լինի իմ գործընկերների համար, եւ հին ձեռագրերի հաւաքագրման այս աւանդոյթը շարունակուի»,- ըսած է Գիշեան։
Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեանի խօսքով, ձեռագիրը բաւական լաւ պահպանուած վիճակի մէջ է։
Մատենադարանին կողմէ նուիրատու-բարերար Ստեփան Գիշեանի շնորհուած է Մ. Մաշտոցի անուան յուշամետալ եւ ձեռագիրներու հաւաքածոյի ֆրանսերէն ալպոմ: