ԱՐՑԱԽ, Սեպտեմբեր 13ին տեղի ունեցած է Արցախի Լրագրողներու միութեան 3րդ համագումարը, որուն ընթացքին համագումարի մասնակիցները քննարկած են Ղարաբաղի լրատուական դաշտին ու լրագրողներու մասնագիտական խնդիրներուն վերաբերող հարցեր եւ ծանօթացած են միութեան վարչութեան կատարած աշխատանքներուն, որոնց մասին հաշուետուութեամբ հանդէս եկած է միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեանը:
Ըստ իրեն, միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են մամուլի ասուլիսներ, իրականացուած են հասարակական հարցումներ, օժանդակութիւն ցուցաբերուած է շրջանային խմբագրութիւններուն եւ այլն: Համագումարի ընթացքին կատարուած է նաեւ միութեան վարչութեան եւ նախագահի ընտրութիւն: Նշենք, որ միութեան նախագահ վերընտրուած է Կիմ Գաբրիէլեան: