ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ խօսնակ Սամուէլ Ֆերմանեան լրատու գործակալութիւններուն հաղորդած է, որ նախագահը Հայաստանի մէջ գործող քաղաքական կուսակցութիւններու ղեկավարները հրաւիրած է յատուկ հանդիպման մը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 17ին եւ որուն գլխաւոր օրակարգը պիտի ըլլայ հայ-թրքական յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ նախագահ Սարգսեանի կողմէ այս ձեւաչափով հրաւիրուած երրորդ խորհրդակցական հանդիպումն է ասիկա, որ պիտի կայանայ յառաջիկայ Հինգշաբթի օր:
2008ի Նոյեմբեր 20ին նախագահին հրաւիրած առաջին խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին, իսկ այս տարուան Մարտ 20ին նոյնօրինակ խորհրդակցութեան օրակարգի նիւթը համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամն էր:
Նախագահի խօսնակ Ֆերմանեան նաեւ մամուլին հաղորդած է, որ անհիմն է թրքական աղբիւրներու հրապարակած այն լուրը, ըստ որուն Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած է նախագահ Սարգսեանի եւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հանդիպում մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.