ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Քոնկրէսին լիագումար նիստին առջեւ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 9ին ունեցած իր արտակարգ ելոյթին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շեշտեց, թէ ժամանակը եկած է վերջ տալու երկրին առողջապահական մարզը բարելաւելու գծով շարունակուող բանավէճին, փոխադարձ զիջումներու ճամբով երկկուսակցական համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով:
Նախագահը անընդունելի համարեց ներկայ վիճակին շարունակութիւնը, որուն հետեւանքով 46 միլիոն ամերիկացիներ կը մնան առանց առողջապահական ապահովագրութեան, միաժամանակ խոստանալով ընդարձակել ներկայիս նման ապահովագրութիւններ ունեցողներուն իրաւունքները:
Բարեկարգումներուն ընդդիմացող հանրապետականները նեղ կացութեան մատնուեցան ելոյթին ընթացքին, երբ Հարաւային Քարոլայնայէն հանրապետական քոնկրէսական Ճօ Ուիլսըն «կը ստես» պոռաց՝ խօսքը Օպամային ուղղելով: Ան աւելի ուշ ներողութիւն խնդրեց այս պոռթկումին համար:
Յիշեցնենք, թէ վերջին անգամ Սեպտեմբեր 11ի յարձակումներէն ետք էր, երբ նախագահ մը Քոնկրէսի լիագումար նիստի ընթացքին նման արտակարգ ելոյթ ունեցած է: