ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- ՀՅԴ Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի «Փեշէքերեան» կեդրոնին մէջ անցեալ Շաբաթ օր հանդիպում մը կայացաւ Դաշնակցութեան շրջանի ղեկավար կազմի ներկայացուցիչներուն եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան շրջանի ղեկավարութեան միջեւ:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, քննարկուեցան հայ-թրքական նախաստորագրուած արձանագրութիւնները, որոնք միաձայնօրէն նկատուեցան հայավնաս: Քննարկուեցան նաեւ այդ արձանագրութիւնները ձախողեցնելու անհրաժեշտութիւնն ու այդ ուղղութեամբ աշխատանքներուն համազգային տարողութիւն տալու հարցը, որուն շուրջ համախոհութիւն գոյացաւ: Մատնանշուեցաւ, որ թէ՛ ՌԱԿի եւ թէ ՀՅԴի ցարդ հրապարակած յայտարարութիւնները նոյն կեցուածքը կը դրսեւորեն, ինչ որ բնական կը դարձնէ նոյն ճակատով համագործակցութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 95րդ տարելիցը աննախընթաց տարողութեամբ նշելու հարցը: Այս ձեռնարկները համազգային, միացեալ ճիգերով կազմակերպելու գծով ե՛ւս գոյացաւ համախոհութիւն:
ՌԱԿի ներկայացուցիչները ամփոփ ձեւով ներկայացուցին Հայաստանի մէջ իրենց դիմագրաւած խնդիրները՝ յատկապէս կեդրոնանալով ՌԱԿի կուսակցական խորհրդանիշները որդեգրած, սակայն գլխաւորաբար կուսակցութիւնը պառակտել փորձող «ՌԱԿ-Արմէնական» անունը կրող նոր կազմակերպութեան մասին:
Սոյն հանդիպման ՌԱԿի կողմէ մասնակցողներն էին Գէորգ Գրիգորեան (նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ), տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (նաեւ Կեդրոնական վարչութեան անդամ), Յակոբ Նազարեան, Կարօ Գիւբէլեան, Վիգէն Խաչատուրեան եւ Դաւիթ Սամուէլեան:
ՀՅԴի կողմէ մասնակցողներն էին Ժան Գոսաքեան, Յովան Թաշճեան, Յարութ Տօնոյեան, Սեդօ Պոյաճեան, Յարութիւն Մանուկեան, Գոգօ Թոփալեան եւ Աբօ Պողիկեան: