ԱՆԳԱՐԱ.- Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան անդամ երկիրները, թրքական «Սապահ» թերթին համաձայն, ստորագրած են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի առաջարկած նախագիծը՝ Սթանպուլը (Պոլիս), Երեւանը եւ Պաքուն իրար կապող «խաղաղութեան ճանապարհ»ի մը վերաբերեալ:
Ըստ այդ նախագիծին, կը ծրագրուի կառուցել 7 հազար քիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհ, որ պիտի անցնի 12 երկիրներէ եւ Պոլիսը պիտի կապէ Երեւանին, իսկ Երեւանը՝ Պաքուին:
Ըստ «Սապահ»ին, նախագիծը պիտի քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ:
«Թերթ» լրատու գործակալութիւնը այս հարցով մեկնաբանութիւն ուզած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեանէն, որ իր կարգին յայտնած է, թէ «նոր ճանապարհի կառուցման մասին որեւէ տեղեկութիւն չունենք»:
Նշենք, որ «Սապահ»ի այս լուրը լայնօրէն տեղ գտած է թրքական երէկուան թերթերուն մէջ, նշելով, որ «խաղաղութեան ճանապարհը» պէտք է երկարի Պաքուէն մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղ, եւ Լաչինի միջանցքով անցնի Հայաստանի տարածք, ապա՝ Թուրքիա: