ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ուսումնական տարուան առաջին օրը՝ Սեպտեմբեր 1ին, Հայաստանի մէջ բացուած է վերանորոգուած կամ նորակառոյց շուրջ 80 դպրոց: Ընթացքի մէջ է այլ 140 դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքը։ Քաղաքաշինութեան նախարար Վարդան Վարդանեանի հաւաստումով, հակառակ տնտեսական ճգնաժամին, այս տարի դպրոցաշինութեան ոլորտին վերաբերող բոլոր ծրագիրները իրագործուած են ամբողջութեամբ, եւ՝ «դպրոցաշինութիւնը միշտ եղել եւ մնում է կառավարութեան ուշադրութեան կենտրոնում»:
Վ. Վարդանեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, կառավարութեան յանձնարարականով քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը յստակ դարձուցած է, թէ Հայաստանի ո՞ր վայրերուն մէջ հանրակրթական դպրոցներ չկան, եւ թէ ո՞ր շրջաններուն մէջ անոնք վատ վիճակի մէջ կը գտնուին։ «Կայ կառավարութեան յստակ յանձնարարականը՝ 2010ին պէտք է փորձենք Հետագայում շահագործման համար պիտանի դպրոցներում ամրացման եւ հիմնանորոգման աշխատանքներ իրականացնել, իսկ հետագայ շահագործման համար ոչ պիտանիների փոխարէն՝ նորերը կառուցել: Առաջիկայ 1 ամսուան ընթացքում արդէն կառավարութեանը ներկայացնելու ենք այս ուղղութեամբ յստակ առաջարկներ», յայտնած է նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.