ԱՐՏԱՇԱՏ, «Արմէնփրէս».- Այս ուսումնական տարեշրջանին, Արարատի մարզի դպրոցներ սկսած են յաճախելու 35 հազար 730 աշակերտներ, որոնց շուրջ 3 հազարը՝ առաջին դասարանցիներ։ Դպրոցներուն մէջ նախատեսուած է 149 հատ առաջին դասարան:
Նշենք, որ բոլոր դպրոցները ապահովուած են անհրաժեշտ դասագիրքերով: Նորացուած են 10րդ դասարանի դասագիրքերը՝ կապուած 12ամեայ կրթական համակարգի ծրագրին հետ: Դասագիրքերը, բացի տարրական դասարաններէն, աշակերտներուն կը բաժանուին վարձավճարի սկզբունքով։