ՊԱՔՈՒ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի հարկային մարմիններուն կողմէ կը նախատեսուին թրքական դրամագլուխով աշխատող տնտեսավար աշխատանոցներու ստուգումներ:
Ըստ ատրպեճանական աղբիւրներու, հարկային մարմիններուն նման յանձնարարական տուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ Սեպտեմբեր 1ին հրաւիրած արտակարգ խորհրդակցութեան ընթացքին: Վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին աղբիւրը՝ լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Ատրպէյճանի հարկային մարմիններու ուշադրութեան կեդրոնը, առաջին հերթին, պիտի ըլլան Պաքուի եւ մարզերու մէջ գործող միջին եւ փոքր թրքական դուստր ձեռնարկութիւնները, իսկ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութեան խորացման պարագային, ստուգումներ պիտի իրականանան մեծ ընկերութիւններու մէջ, ինչպէս՝ փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի ոլորտի ընկերութիւնները:
Պաքուէն ստացած տեղեկատուութեան համաձայն, նշեալ խորհրդակցութեան առիթ հանդիսացած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հարցը, իսկ խորհրդակցութեան մասնակցած են նախագահին աշխատակազմը եւ արտաքին գործոց ու ազգային անվտանգութեան նախարարութիւններու ղեկավարները: Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին փոխանցումով, հայ-թրքական պայմանաւորուածութիւններուն լոյսին տակ, մասնաւորապէս քննարկուած է Ատրպէյճանի հետագայ արտաքին քաղաքական եւ տեղեկատուական ռազմավարութիւնը։
Ատրպէյճանի նախագահը արտաքին գործոց նախարարին յանձնարարած է աշխուժացնել շփումները թուրք գործընկերներուն հետ, ինչպէս նաեւ թրքական լրատուամիջոցներուն ընդմէջէն ապահովել ատրպեճանական կողմի դիրքորոշման աւելի լայն ներկայացում:
Իսկ ազգային ապահովութեան նախարարութեան յանձնարարուած է անմիջական երկխօսութիւն հաստատել Թուրքիոյ մէջ Ատրպէյճանի շահերը ներկայացնող ազդեցիկ լոպպիիսթներու հետ, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրել թրքական նահանգներուն մէջ էթնիկ ատրպէյճանցիներու աշխուժացման հնարաւորութիւնները:
Յառաջիկային, Թուրքիոյ շարք մը շրջաններու մէջ չեն բացառուիր բողոքի ցոյցեր՝ հայ-թրքական սահմանի ապաշրջափակման դէմ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.