ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) մամլոյ կեդրոնին տեղեկութիւններուն համաձայն, Սեպտեմբեր 4ին Վրաստանի ԱԳՆ Կրիկոլ Վաշածէ՝ երկօրեայ աշխատանքային այցով պիտի ժամանէ Հայաստան:
«Այցը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան ձեւաչափով», յայտարարած է Վրաստանի ԱԳ փոխնախարար Դաւիթ Ճալականիան՝ Օգոստոս 31ին ճեպազրոյցի մը ընթացքին:
Այցելութեան ընթացքին Վաշածէ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանին եւ Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութեան այլ ներկայացուցիչներու հետ: «Երեւանի մէջ կայանալիք հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Վրաստանի երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ տարածաշրջանային նշանակութիւն ունեցող հարցեր», նշած է Դաւիթ Ճալականիան: