ՊՕՂՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Անկեղծօրէն կ՛ուզէի յայտնել «Ասպարէզ» օրաթերթի ընթերցողներուն, որ իմ ամենագնահատելի, սպասելի, ցանկալի հիւրը՝ «Ասպարէզ»ի մուտքն է մեր բնակարանը…
Իւրաքանչիւր առաւօտ «Ասպարէզ»ը իր այցելութեամբ, կարծես ինծի ուժ ու կորով կը ներշնչէ իր զանազան հաղորդագրութիւններով…
Եւ ամէն անգամ, երբ կը նայիմ «Ասպարէզ»ի ճակատին դրոշմուած իր ծննդեան փայլուն տարենիշին, հոգիս կը լեցուի հպարտութեամբ եւ հրճուանքով…
Շուրջ 101 տարի «Ասպարէզ» օրաթերթը մուտք գործելով հազարաւոր ընտանիքներէ ներս, կրցած է գոհունակութիւն պատճառել ընթերցող հասարակութեան:
Անշո՛ւշտ, ընթերցողներու նախասիրութիւնները տարբեր են: Ոմանք հետաքրքրուած են մարզական խաղերով, ոմանք՝ քաղաքական հարցերով, ոմանք՝ գեղարուեստական, ոմանք՝ առողջապահական, ոմանք ալ գրականութեան…
Անկասկած, իւրաքանչիւր ընթերցող այստեղ կը գտնէ իր նախասիրածը…
Երկա՜ր տարիներու ուղի անցած «Ասպարէզ»ը արդէն, ա՛յժմ իսկ, իր ճիշդ կեցուածքով, հպարտութեամբ ապացուցած է «օրգան» կոչուելու իրաւունքը, սակայն, այս նախաբանով կ՛ուզէի յետադարձ հայեացք մը նետել «Ասպարէզ»ի անցած ծանր, դժուարին, սակայն չընկճուող փայլուն ուղիին…
Հայերն իրենց բնոյթով եղեր են ստեղծագործ, շինարար եւ ընթերցասէր: Անոնք ո՛ւր որ ապրած են, ստեղծեր են իրենց զբաղմունքը, կառուցեր են բնակելի վայրեր, եկեղեցիներ, դպրոցներ:
Ֆրէզնօ, 1908թ. «Ասպարէզ»…
Վերոյիշեալ տարիներուն Ֆրէզնոյի մէջ կային սակաւաթիւ հայեր, որոնց կը մտահոգէր տեղւոյն հայութեան մատակարարել հայ գիրը՝ իր ստեղծագործական երանգներով…
Ահա այս մտորումներով, հանդէս եկան խումբ մը գաղափարակից հայեր, որոնց ջանքերով ծնունդ առաւ «Ասպարէզ» շաբաթաթերթը՝ ղեկավարութեամբ Աբրահամ Սէքլէմեանի, որ սկսաւ իր դժուար, սակայն խիստ կարեւոր առաքելութեան…
Ուստի, «Ասպարէզ»ի հիմնադիրները՝ Աբրահամ Սէքլէմեանի, Յովհաննէս Գապատայեանի, Պետրոս Յակոբեանի, Ասլան Ասլանեանի, Լեւոն Յակոբեանի, Արփաքսադ Սեդրակեանի եւ Ա. Թիւֆէնքճեանի գործակցութեամբ, սկսան իրենց յաջող յառաջընթացին:
Կարելի է նշել, թէ այդ ժամանակ «Ասպարէզ» ոչ միայն կը ծառայէր Ֆրէզնոյի հայութեան, այլեւ ունէր թղթակիցներ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական գաւառներուն մէջ, ինչպէս՝ Մուշ, Բաղէշ, Քղի, Տիգրանակերտ, Պոլիս, Զէյթուն, Խարբերդ, Կարին եւ Վան, որոնք տեղական անցուդարձերուն մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէին «Ասպարէզ»ին…
Յարգելի ընթերցողներուն կը ցանկանայի հաղորդել նաեւ «Ասպարէզ» թերթի անուանակոչութեան մասին…
Թերթի լոյս ընծայման մասնակից՝ գաղափարակից ընկերներու առաջարկութեամբ, շարք մը անուններ դրուեցան սեղանին, որպէսզի վիճակահանութեամբ որոշուի թերթին անունը, ինչպէս՝ Արարատ, Ժայռ, Արեւելք, Արեւմուտք, Շեփոր, Ազդակ, Ասպարէզ եւ այլ անուններ…
Ահա այս նշուած գեղեցիկ անուններէն յաղթողը եղաւ՝ «Ասպարէզ»ը, որուն շունչն ու զարկերակը, անշուշտ, կը զգան աշխարհով մէկ սփռուած հայերը, եւ որուն առաջին խմբագիրը եղաւ Աբրահամ Սէքլէմեանը:
Հիմնադիրներուն գլխաւոր նպատակը եղած է թերթին առաջատարը՝ պաշտպանել հայուն շահերը՝ տարբեր բնագաւառներու մէջ:
Այժմ, արդէն «Ասպարէզ»ը օրաթերթ է եւ ունի բազմահազար բաժանորդներ:
Ֆրէզնոյի մէջ ծնած, Լոս Անճելըսի մէջ շարունակուած եւ Կլէնտէյլի մէջ պատկառելի հասակ առած, իսկ այժմ Հոլիվուտի սրտին մէջ հաստատուած «Ասպարէզ»ը արդէն 101 տարեկան է:
Ուստի, «Ասպարէզ»ին կը մաղթեմ «կաղնու» ամրութիւն եւ երկարակեցութիւն, որովհետեւ անոր դերը մեծ է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ…: