ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26ին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր ձայնը միացուց Ծերակոյտի երկարամեայ անդամ Թէտ Քենէտիի մահը սգացողներուն՝ մատնանշելով այն իրողութիւնը, որ 1962էն ի վեր ծերակուտականը եղած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու համար պայքարողներէն մէկը:
«Ան եղած է անկախ Հայաստանի մը ջատագովը եւ նեցուկ կանգնած է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին», կը յայտնէ Մէսէչուսէցի Հայ Դատի յանձնախումբի համա-ատենապետ Տիգրան Խալիկեան:
Յիշեցնենք, թէ ծերակուտականին ջանքերով, Ծերակոյտի արդարադատութեան յանձնախումբը 6ի դէմ 8 քուէներով վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, որ Ապրիլ 24, 1990ը դարձուցած էր «Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակման օր», հակառակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ցուցաբերած ընդդիմութեան:
Ապա ան տարիներով հովանաւորած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւերը եւ նամակներ յղած է ամերիկացի նախագահներուն՝ պահանջելով, որ ճանչնան Ցեղասպանութիւնը:
Ան նաեւ զանազան ելոյթներ ունեցած է Ծերակոյտին առջեւ՝ դատապարտելով Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի իշխանութեանց գործադրած բռնութիւնները, նաեւ ապահոված էր Ատրպէյճանի զինուորական օժանդակութիւնները կասեցնող բանաձեւին վաւերացումը եւ այդ արգելքը պահելու համար աշխատանք տարած էր:
Երեքշաբթիէն Չորեքշաբթի լուսցող գիշեր իր մահկանացուն կնքած է Թէտ Քենէտի, որ ուղեղի քաղցկեղէ կը տառապէր: Ան 77 տարեկան էր:
Քենէտի պիտի թաղուի Արլինկթընի ազգային գերեզմանատան մէջ:
1962ին Ծերակոյտի անդամ ընտրուած Քենէտի փոխարինած էր նախագահ դարձած իր եղբայրը՝ Ճանը, որմէ ետք տիրապետող դէմք մը դարձած էր ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ: Ան երրորդ ամենաերկար ծառայած քոնկրէսականն է եւ կ՛ըսուի, թէ ան նախագահ չընտրուած քաղաքական գործիչներուն մէջ ամենաազդեցիկը եղած է:
Ամերիկացի (հանրապետական եւ դեմոկրատ) բազմաթիւ ղեկավարներ եւ զանազան երկիրներու նախագահներ ու վարչապետներ ցաւակցութիւն յայտնեցին Քենէտի ընտանիքին, միաժամանակ դրուատելով Թէտ Քենէտիի տարած հսկայ աշխատանքը, յատկապէս՝ առողջապահական մարզն ու գաղթականական օրէնքները բարելաւելու, քաղաքացիական իրաւունքներ ապահովելու եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ: