ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Նոյեան Տապան».- ՆԱԹՕի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Սամուէլ Մկրտչեան Օգոստոս 21ին հանդիպած է ՆԱԹՕի նորանշանակ գլխաւոր քարտուղար Անթէրս Ֆոք Ռասմուսենի ու անոր փոխանցած է Հայաստանի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ պաշտպանութեան նախարարին շնորհաւորանքները:
Մկրտչեան նշած է, որ Հայաստանը մտադիր է զարգացնել գործընկերային յարաբերութիւնները դաշինքին հետ, եւ ընդգծած է, որ հայկական կողմը կարեւոր կը գտնէ ՆԱԹՕի կողմէ իրականացուող խաղաղապահ գործողութիւններուն մասնակցութիւնը:
ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղարը դրական գնահատած է Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը ու շեշտած է դաշինքին կողմէ ղեկավարուող գործողութիւններուն՝ Հայաստանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.