ՊՈՍԹԸՆ.- «Արմինեըն Րիվիու»ն ակադեմական պարբերաթերթ մըն է, ուր լոյս կը տեսնեն յայտնի ակադեմականներու կողմէ գրուած յօդուածներ: Վերջերս պարբերաթերթը վերանորոգեց իր կայքէջը՝ ընդգրկելու համար նախկին թիւերու ցուցակները, որոնց մէջ են նաեւ «Արմինեըն Րիվիու»ի սկզբնական թիւերը: Նաեւ հետեւողական աշխատանք կը տարուի հովանաւորելու համար զրոյցներ, որոնց մասնակցելու կը հրաւիրուին զանազան ուսումնական հաստատութիւններէ ներս գործող մասնագէտներ:
Նախկին թիւերու ամբողջական ցուցակ մը կազմելու աշխատանքը ընթացքի մէջ է պարբերաթերթիս խմբագրական կազմին կողմէ: Ցուցակը կ՛ընդգրկէ նաեւ «Արմինեըն Րիվիու»ի առաջին հատորը՝ լոյս տեսած 1948ին: Իւրաքանչիւր ցուցակ հատորները կը բաժնէ թիւերու՝ ներկայացնելով անոնց ամփոփումը, յօդուածներուն խորագիրները եւ հեղինակին անունը: Կարգ մը թիւեր ցուցակին վրայ չեն արձանագրուած տակաւին, սակայն ընդհանուր ցանկը կը ծրագրուի ամբողջացնել մինչեւ տարեվերջ:
«Հիմնական է որ, «Արմինեըն Րիվիու»ի բոլոր հատորները հասանելի ըլլան հանրութեան մեր կայքէջին միջոցաւ, որպէսզի թարմացած հետաքրքրութեամբ մօտենանք լուսաբանական ուսումնական յօդուածներու, որոնք երեւան հանած են բազմաթիւ կարեւոր երեւոյթներ-նիւթեր Հայոց երկար, յաճախ վերիվայրումներով լեցուն պատմութեան, Հայաստանի աշխարհաքաղաքական կեցուածքին եւ ամէնէն կարեւորը՝ հայկական հոգեբանութեան հետ կապուած», կը յայտնէ տոքթ. Ասպետ Գոչիկեան՝ «Արմինեըն Րիվիու»ի խմբագիր եւ Պենթլի համալսարանի մէջ քաղաքական գիտութիւններու դասախօս:
«Մեր նպատակն է նաեւ կարելի եղածին չափ արագ թուայնացնել արխիւները, որպէսզի անոնք ապագայ սերունդներուն համար ըլլան մատչելի», կ՛աւելցնէ Գոչիկեան:
Արդէն իսկ համաձայնութիւններ ստորագրուած են «Արմինեըն Րիվիու»ի յառաջիկայ թիւերը կայքէջին միջոցաւ հասանելի դարձնելու համար: Այս մէկը առիթ պիտի ընծայէ, որ պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած ակադեմական յօդուածները տրամադրելի ըլլան ուսումնասիրողներու, որեւէ մէկ վայրէ, ուր համացանցի գործածութիւնը կարելի է:
2009ի սկիզբէն «Արմինեըն Րիվիու»ն երաշխաւորած է երկու զրոյցներ, որոնցմէ մէկը՝ «Ենթականեր ու Քաղաքացիներ. (Ան)հաւասար յարաբերութիւններ Թուրքերու, Քիւրտերու եւ Հայերու միջեւ» խորագիրով, որ կազմակերպուած էր համագործակցութեամբ Պենթլի համալսարանի Համաշխարհային գիտութիւններու բաժանմունքին, եւ տեղի ունեցաւ Ապրիլին: Զրոյցի մասնակիցները քննարկեցին զանազան նիւթեր՝ Հայերու, Թուրքերու եւ Քիւրտերու միջեւ պատմական եւ ներկայ յարաբերութիւններուն առնչութեամբ:
Օգոստոս 6ին, այլ նիւթով կլոր սեղան մը՝ «Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Երկու Ճակատներու Վրայ. Ներկայ Զարգացումներ Ղարաբաղի Եւ Թուրք-Հայ Յարաբերութիւններու Հարցով», կազմակերպուած էր Հայկական ուսումնասիրական՝ National Association for Armenian Studies and Research (NAASR) հիմնարկի կեդրոնին մէջ։ Մասնակիցները քննարկեցին Ղարաբաղի բանակցութիւններու վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ, աշխարհաքաղաքական գետնի վրայ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ NAASR-ի եւ «Արմինեըն Րիվիու»ի հովանաւորութեամբ։ Զրոյցին մասնակցողներն էին տոքթ. Լեւոն Չորպաճեան, տոքթ. Ասպետ Գոչիկեան եւ տոքթ. Հենրի Թերիօ։
Յառաջիկայ ամիսներուն յաւելեալ կլոր սեղաններ եւ հաւաքներ տեղի պիտի ունենան «Արմինեըն Րիվիու»ի հովանաւորութեամբ։
«Արմինեըն Րիվիու»ի յաջորդ թիւը՝ նախատեսուած Սեպտեմբեր 2009ի համար, նուիրուած պիտի ըլլայ քաղաքացիական հասարակութիւն (Civil Society) արծարծող նիւթերու։ Յաւելեալ երկու թիւեր լոյս պիտի տեսնեն յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին, որոնցմէ մէկը պիտի նուիրուի պարբերաթերթի 60ամեակին։
«Արմինեըն Րիվիու»ն առաջին անգամ լոյս տեսած է 1948 թուականին «Հայրենիք» հրատարակչատան կողմէ։ Ան շուտով դարձաւ առաջնորդող քառամսեայ հրատարակութիւն, որ կը պարունակէր Հայոց պատմութեան, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային յօդուածներ գնահատուած ակադեմականներու կողմէ։ Ներկայիս «Արմինեըն Րիվիու»ն կը հրատարակուի տարին երկու անգամ։
Պարբերաթերթի վերանորոգուած կայքէջը (www.armenianreview.org) տակաւին իր փոփոխութեան եւ զարգացման ընթացքին մէջ է։ Հետաքրքրուողները կրնան բաժանորդագրուիլ կամ PayPal-ի միջոցաւ վճարումներ կատարել՝ նախկին թիւերը ստանալու համար:
Տոքթ. Գոչիկեանի հետ կարելի է կապ պահել ե-նամակով, editor@armenianreview.org հասցէին։ Նախկին թիւերը ստանալու կամ բաժանորդագրուելու համար հաճեցէք դիմել հետեւեալ հասցէին՝ orders@armenianreview.org: