ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էվրէնսէլ» լրատու կայքով կը հաղորդուի, որ Տիարպէքիրի Չիւնկիւշ աւանի 15րդ դարէն մնացած հայկական եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ կը կառուցուի Քուրանի դասընթացքի կեդրոն մը։ Տիարպէքիրի Հնագիտական թանգարանի ներկայացուցիչները փորձած են արգելք հանդիսանալ եւ կացութենէն տեղեակ պահած են Հնութիւններու պաշտպանութեան խորհուրդը։ Իրենց կարգին, շինարարները յայտնած են, թէ այս մասին արտօնութիւն ստացած են տեղւոյն գաւառապետէն )քայմաքամ), մինչդեռ գաւառապետի ներկայացուցիչը յայտնած է, թէ այդպիսի արտօնութիւն մը չէ տրուած։
Եկեղեցին, որ արդէն գրեթէ աւերակի վերածուած է, շինութեան փակ դաշտ կը նկատուի ու անոր կողքին նոր շէնքի մը կառուցումը մեծ վնաս պիտի պատճառէ եկեղեցւոյ հնագիտական արժէքին, սակայն Հնութիւններու պաշտպանութեան խորհուրդը այս մասին մամուլին բացատրութիւն տալ չէ ուզած՝ յայտնելով, թէ «Ի վիճակի չէ մամուլին տեղեկութիւն տալու»։
Հետաքրքրական է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ կը պնդուի, թէ պաշտօնական արտօնութիւն չէ տրուած, Քուրանի դասընթացքի շէնքի շինութիւնը կը շարունակուի երկու ամիսէ ի վեր եւ կառոյցը արդէն իսկ բարձրացած է մինչեւ երրորդ յարկ։ Քանի որ ցարդ իշխանութիւնները որեւէ միջամտութիւն չեն կատարած, կը նշանակէ, որ կառուցողները իսկապէս արտօնագիր մը ունէին իրենց ձեռքը։
Եկեղեցին կը գտնուի գաւառակի մուտքի կէտին վրայ եւ մինչեւ այսօր որեւէ վերանորոգութիւն չէ կատարուած հոն։ Կայքը կը հաղորդէ, թէ Չիւնկիւշը նախապէս հայերու բնակավայր էր եւ կը կոչուէր Չէնգուշ )կը կարծենք՝ Չնգուշ)։ Հոն կային երկու եկեղեցիներ, որոնցմէ մէկն է այն, որուն մասին կը խօսուի այժմ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.