ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինէն Օգոստոս 1, 2009 թուակիր հաղորդագրութիւն մը կը յայտնէ հետեւեալը.
«Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի ուսումնական ու վարչական կեանքին նոր մղում տալու եւ ժամանակակից կարիքները բաւարարելու հարկադրանքէն թելադրուած՝ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը վարժարանի տնօրէն պրն. Ժան Գոսաքեանին եւ Ուսումնական մարմնին հետ խորհրդակցելէ ետք, պրն. Դրօ Չէքիճեանը նշանակեց վարժարանի Նորթ Հիլզի համալիրին համար տնօրէնի օգնական։
«Դրօ Չէքիճեան Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է California State University-Northridge համալսարանէն՝ ուսումնական վարչագիտութեան (Educational Administration) բնագաւառին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ նոյն համալսարանէն՝ քաղաքագիտութեան )Political Science( բնագաւառին մէջ։ Ան 2003էն 2009 տարիներուն իբրեւ ուսուցիչ եւ ապա նաեւ իբրեւ տնօրէնի օգնական պաշտօնավարած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանէն ներս։
«Այս նշանակումին անդրադառնալով՝ Խնամակալ մարմնի ատենապետ պրն. Մարք Կէտիկեան նշեց. «Հպարտութեան եւ գոհունակութեան ջերմ զգացումներով կը կատարենք այս նշանակումը եւ մեծ ակնկալութիւններով Դրոյին կը վստահինք կրթական ու վարչական այս լուրջ պատասխանատուութիւնը», եւ աւելցուց՝ «Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է վկայել, որ Ազգային վարժարաններու շրջանաւարտ մը, իր մասնագիտական ուսումը աւարտելէ ետք կու գայ իր ծառայութիւնը մատուցելու նոր սերունդի դաստիարակութեան նուիրական գործին։ Այս մէկը լաւագոյն ապացոյցներէն մէկն է Ազգային վարժարաններու առաքելութեան յաջողութեան եւ ապագայ հեռանկարին»։
«Կը շնորհաւորենք պրն. Չէքիճեանը իր այս նոր ու պատասխանատու պաշտօնի ստանձնման առիթով, ինչպէս նաեւ մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին»: