ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Հայաստանի նախագահի Թուրքիա կատարելիք հնարաւոր այցը լուրջ բանավէճերու առիթ հանդիսացած է հայաստանեան քաղաքական շրջանակներուն մէջ: Ըստ որոշ քաղաքագէտներու, Հայաստանի նախագահը Թուրքիա պէտք չէ մեկնի, մինչ միւսները հակառակ կարծիք ունին:
Յայտնի թրքագէտ Յակոբ Չաքրեանի կարծիքով, ամէն պարագայի, կարելի է պատասխան այցով մեկնիլ Թուրքիա, առիթէն օգտուիլ եւ խոստումներու կատարման կամ դրժման մասին յայտնել Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլին:
Օգոստոս 19ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, Յ. Չաքրեան նշած է, որ եթէ այս երկխօսութիւնը ձախողի, ապա նոր առիթ ստեղծելը բաւական դժուար պիտի ըլլայ: Ըստ իրեն, եթէ Հայաստանը հրաժարի պատասխան այցով Թուրքիա մեկնելու հրաւէրէն, միջազգային հանրութիւնը Հայաստանի կրնայ համարել կայունութեան, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հետ անհաշտ երկիր:
Թրքագէտը նաեւ նշած է, որ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութենէն անմիջապէս ետք իսկ, Թուրքիոյ մէջ տարածուած էր այն տեսակէտը, թէ՝ Հայաստան նախապայմաններ կ՛առաջադրէ: Անոր խօսքերով, մերձեցումը պէտք է Թուրքիոյ, որովհետեւ անոր թշնամական քաղաքականութիւնը Հայաստանի նկատմամբ ձախողած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.