ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Այս անգամ քրտական հարցը «լուծման» տանող քարտէսի մը մասին կը խօսին Թուրքիոյ մէջ:
Քարտէսի առաջարկ մըն ալ կը սպասուի Քրտական բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանէն: Մինչ այդ, թրքական պետութիւնը արդէն սկսած է մթնոլորտ ու գետին պատրաստելու քրտական հարցին հանդէպ առնուազն մինչ այժմ որդեգրուած թրքական պաշտօնական քաղաքականութենէն հիմնովին տարբերող մօտեցումի մը:
Անցեալ տարիներուն որդեգրուած այդ պաշտօնական դիրքորոշումը այնքան արմատապէս անհանդուրժող ու խտրական եղած է, որ այսօր, թրքական պետութիւնը նուազագոյն իսկ ճկունութիւն եթէ կը փորձէ ցոյց տալ քրտական հարցին, ապա իր դէմ կը ցցուի իր սերմանած ցեղապաշտութեան տգեղ ու վայրագ երեսը:
Օչալանի եւ կառավարութեան զոյգ ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները տակաւին ամբողջապէս չեն հրապարակուած:
Օչալանի քարտէսը, որ պէտք է աւելի հետամուտ ըլլայ քրտական ազգային շահերու պաշտպանութեան, այն ուրուագծով, որ երեւցած է մամուլի մէջ, կը կեդրոնանայ ժողովրդավար մէկ պետութեան մէջ գոյակցութեան պայմաններու ստեղծման վրայ՝ գլխաւորաբար տեղական ինքնավարութեան սկզբունքը առաջադրելով, հաւանաբար յոյս ունենալով քրտական մեծամասնութիւն ունեցող նահանգներու շրջաններուն մէջ անկախութեան մօտիկ կարգավիճակ ստեղծել:
Կառավարութեան ծրագիրը աւելի մշակութային եւ կրթական ոլորտէն ներս բարեփոխումներու վրայ կարծես պիտի հիմնուի՝ քրտերէնի ու քրտական մշակոյթի վրայ դրուած արգելքները մասնակի կամ ամբողջովին վերցնելով:
Այս հանգրուանին, մեր մամուլին մէջ քրտական հարցի լայն քննարկման եւ ուսումնասիրման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուի: «Ասպարէզ» կը դիմէ քաղաքագէտներու ու մտաւորական շրջանակին՝ ձեռնամուխ ըլլալու քրտական հարցի հրապարակային քննարկման, լուսաբանելով խնդիրի ծալքերը, ազդեցութիւններն ու փոխազդեցութիւնները շրջանային այլ զարգացումներու վրայ: