ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ազգային ժողովի նախագահի մամլոյ խօսնակ Նայիրի Պետրոսեանի հաւաստումով, 1999ի «Հոկտեմբեր 27»ի 10ամեայ տարելիցին օրը, Ազգային ժողովի այգիին մէջ պիտի բացուի ահաբեկչութեան զոհերուն նուիրուած յուշակոթողը, որ պիտի փոխարինէ նախապէս այնտեղ տեղադրուած յուշաքարը:
ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի կարգադրութեամբ ստեղծուած յանձնաժողովը 1999 թուականի Հոկտեմբեր 27ի զոհերու յիշատակին նուիրուած կոթողին վերաբերեալ երկու աշխատանքային նիստ գումարած է: 14 անդամներէ բաղկացած յանձնաժողովին ղեկավարն է խորհրդարանի խօսնակ Յովիկ Աբրահամեանը, ըստ որուն յանձնաժողովը որոշած է յուշակոթողին առնչուող հարցերը քննարկել զոհերու հարազատներուն հետ։