ՔՐԱՔՈՎ.- Լեհաստանի մէջ իրականացող բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան, Հայաստանը ներկայացնող 54 քլկ քաշային Ալեքսան Շահեանը 3:7 հաշիւով պարտութիւն կրած է ատրպէյճանցի մարզիկէն։
Ըստ «Armsport.am» կայքին, Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը՝ 64 քլկ քաշային Վլադիմիր Մարգարեանը, նախնական փուլի ընթացքին 5:1 հաշիւով առաւելութեան հասած է Ֆրանսայի ներկայացուցիչ Փափօ Տաւիտի դիմաց. ան յաջորդ փուլին պիտի մրցի ատրպէյճանցի մարզիկին հետ:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները առայժմ պայքարին չեն մասնակցած: Յիշեցնենք, որ բռնցքամարտի Եւրոպայի առաջնութեան Հայաստանը կը ներկայացնեն ութ մարզիկներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.